ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «ՌԻԱ Նովոսթի»ն հաղորդեց, որ իրեն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին հետախուզական ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին յայտնեց, որ թրքական հետախուզութիւնը կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծաւալող իրադարձութիւններուն:
Ան հաստատեց, որ Ռուսիոյ արտաքին հետախուզական ծառայութիւնը այդ մէկը կը զգայ եւ կը տեսնէ աշխատանքի առանձին տարրերուն մէջ։
Նարիշքի նաեւ ըսաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մարտերուն Սուրիայէն զինեալներու մասնակցութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ արտաքին հետախուզական ծառայութիւնը ստացած է ճշգրիտ տուեալներ, նաեւ՝ Միջին Արեւելքի երկիրներու գործընկեր յատուկ ծառայութիւններէն։
«Այս տուեալները մենք կը ստանանք շարք մը երկիրներէ, զանազան աղբիւրներէ եւ մեր գործընկերներնէ, գործընկեր ծառայութիւններէ Միջին Արեւելքի մէջ», յայտնեց ան։