ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ․- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նիւ Ճըրզիի Ֆորթ Լի քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը բանաձեւ մը որդեգրեց` ճանչնալով Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ անոր ինքնորոշման իրաւունքը, ինչպէս նաեւ դատապարտելով ատրպէյճանական եւ թրքական յարձակումները Արցախի հայերուն վրայ:
Նաեւ, 4 Նոյեմբերին, Նիւ Ճըրզիի Էնկլուուտ-Քլիֆսի քաղաքապետ Մարիօ Քրանիաք նման բանաձեւ մը որդեգրեց՝ յայտնելով․ «Խելամիտ մարդոց հետ միշտ կարելի է գտնել խաղաղութեան ճամբան, եւ մենք միշտ պէտք է գտնենք այդ ճամբան եւ ոչ թէ տագնապի փակուղին»:
Նշենք, որ մօտաւորապէս 50,000 հայութիւն ունեցող Նիւ Ճըրզիի նահանգային Ծերակոյտին եւս ներկայացուած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող թիւ 99 բանաձեւը։