Աղէտէն Խուսփելու Կտրուկ Քայլը. Ինչո՞ւ Փաշինեան Պէտք Է Հրաժարի
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Արդէն յստակ է, որ հայութիւնը դժգոհ է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած աղէտալի համաձայնութենէն, բայց կրնա՞ք դժգոհութեան քանի մը կէտեր նշել:
ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Արցախը շրջաատող 7 տարածքներուն կողքին, համաձայնութինը կը զիջի նաեւ Արցախի հարաւային տարածքները, ներառեալ՝ Հադրութը եւ Շուշին: Այս զիջումները Հայաստանը ատրպէյճանական յարձակումներու աւելի մեծ վտանգի տակ կը դնեն: Համաձայնութինը նաեւ Հայաստանի միջոցաւ Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կապ կը հաստատէ, իրականացնելով Օսմանեան կայսրութենէն տապալումէն ի վեր Թուրքիոյ եւ յատկապէս Էրտողանի փափաքը, որ մաս կը կազմէ անոր փանթուրանական ծրագիրներուն: Հայաստան այսպիսով կրնայ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը շարունակող Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ աւելիով շրջափակուիլ, եթէ այդ անցքին շահագործումով անոնք փակեն նաեւ Իրանի հետ Հայաստանի սահմանը:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Համաձայնութիւնը կ՛երաշխաւորէ՞ Արցախի մնացեալ տարածքներուն ապահովութիւնը եւ արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը:
ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Թուղթի վրայ կայ ապահովութեան ժամանակաւոր երաշխիքի տպաւորութիւնը, բայց մինչեւ այն ատեն որ Արցախի կարգավիճակը չէ յստակացած, այդ շրջանները կրնան եւ շատ հաւանաբար պիտի դրուին Ատրպէյճանի հակակշիռին տակ: Ինչ ալ ըլլայ պարագան, եթէ այս աղէտալի համաձայնութիւնը վերատեսութեամբ չբեկանուի, գրեթէ անկարելի պիտի ըլլայ երեւակայել, որ հայ բնակչութիւնը պիտի վերադառնայ եւ վստահութիւն պիտի ունենանյ զիրենք թրքաատրպէյճանական եւ իսլամ ծայրայեղական վարձկաններու բռնարարաքներէն պաշտպանելու ռուսական ուժերուն կարողութեան վրայ: Անոնք շրջապատուած պիտի ըլլան թշնամիներով եւ հայ զինուորներ պիտի չըլլան զիրենք պաշտպանելու: Հայաստանէն Ստեփանակերտ ճամբան եւս նոյն այդ խաղաղապահները պիտի հսկեն, բայց պիտի մնայ Շուշին բռնագրաւող ատրպէյճանական յարձակումներու սպառնալիքին տակ: Շուշին միշտ եղած է շրջանին ապահովութեան եւ խաղաղութեան երաշխիքը, շնորհիւ Ստեփանակերտը իր շուքին տակ պահող դիրքին, ուրկէ նոյնիսկ առանց իսրայէլեան եւ թրքական անօդաչու սարքերու, ատրպէյճանցիները կրնան լայնածաւալ յարձակումներու դիմել Ստեփանակերտի եւ այլ շրջաններու քաղաքացիական թիրախներու վրայ: Մեր բոլորին ծանօթ են քաղաքացիներու, եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու դէմ արգիլեալ ռումբերով եւ հրթիռներով ատրպէյճանական պատերազմական ոճիրները եւ անոնք միշտ պատրաստ են կրկնելու այդ ոճիրները: Վարչապետը ինք հաստատած է, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան Հայոց Ցեղասպաութիւնը կը շարունակեն եւ աներեւակայելի է, որ այս վտանգաւոր պայմաններուն տակ առաջարկէ հայերուն, որ վերադառնան:
Հարցը աւելի կը բարդացնէ գաղթականներուն վերադարձի կոչ ընող կէտը, որ կրնայ մօտաւորապէս 800,000 ատրպէյճանցիներու վերադարձին առաջնորդել:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանես Փաշինեանի այն պնդումը, թէ այս դժուար պայմանները ընդունած էր փրկելու համար 25,000 հայ զինուորներու կեանքը:
ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Նախ, չնեք գիտեր, թէ որքանով ճիշդ է այդ թիւը, որովհետեւ հաղորդումի մը ընթացքին ան տուաւ 3 տաբեր թիւեր, որոնցմէ մեծագոյնը 25,000ն էր: Առաւել, ան յաճախ սխալ տեղեկութիւններ կու տայ հանրութեան եւ այս պարերազմին ընթացքին ինք եւ պաշտանութեան նախարարութեան բանբերները կը պնդէին, թէ յաղթանակի ճամբուն վրայ ենք, սակայն անակնկալօրէն լսեցինք Շուշիի անկումին լուրը եւ այն ատեն պնդեց, որ շարունաբար կը պարտուէինք: Ան նաեւ կամաւորներուն կոչ կ՛ընէր միանալու պայքարին, առանց զօրակոչ յայտարարելու եւ ապա փակեց Գորիսէն Ստեփանակերտ ճամբան, Շուշիին անկումէն շատ առաջ: Հիմա հաւանաբար տարբեր թիւեր կը յայտարարէ թշնամին շուարեցնելու համար, բայց արդէն իրենց բոլոր պայմանները ընդունելով՝ յանձնուելու համաձայնութիւն ստորագրած է:
Շատ մը այլ հակասական պնդումներ կատարեց ան, սակայն իր գլխաւոր նպատակն է իշխանութեան վրայ մնալ, ամբոխավար քայլերու դիմելով: Կը յուսայինք, որ ինքզինք իբրեւ հայ ժողովուրդը յաղթանակի առաջնորդող ղեկավարը ներկայացնող ծանուցումը իրականութեան վերածուէր, սակայն դժբախտաբար ան մեզ ծախեց:
Անշուշտ իւրաքանչիւր հայու կեանքը թանկագին է մեզի համար, սակայն մենք շրջապատուած ենք թշնամիներով եւ ունինք զինուորներ, որոնք հսկայական վտանգներ աչքի առնելով՝ կը պաշտպանեն մեր ժողովուրդը եւ սահմանները:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչ կարելէ ընել փոխելու համար այս ողբերգական համաձայնութիւնը եւ բարեփոխելու կացութիւնը:
ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Նախ պէտք է ամուր մնանք Արցախի եւ Հայաստանի համար ու մեր կարելին ընենք վերատեսութեան ենթարկելու համար համաձայնութիւնը, որ բոլոր հայերուն կողմէ աղէտալի կը նկատուի եւ պէտք է դատապարտուի։ Պէտք է բազմաճակատ քաղաքականութիւն որդեգրենք եւ բանակցինք Ռուսիոյ հետ, որ տակաւին դերակատար է իր զինուորական ներկայութեամբ եւ կրնայ բանակցութիւնները վերսկսելուն նպաստել։ Կարեւոր է նշել, որ Ատրպէյճանի եւ Շուշիի միջեւ կապը դժուար պիտի ըլլայ, քաղաքին դժուարահաս դիրքին պատճառով, ինչ որ հարցականներ կը ստեղծէ արագօրէն յանձնուելու Փաշինեանի որոշումին նկատմամբ։
Հայաստան պէտք է նաեւ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ խորհրդակցութիւններու դիմէ, Հայ Դատի յանձնախումբերուն հետ համագործակցաբար, յատկապէս երբ այս վերջինները արդէն իսկ գործի անցած են կացութիւնը փոխելու նպատակով։
ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի երեք համանախագահ երկիրները իրենց շահերը ունին շրջանին մէջ, սակայն կրնան Հայաստանի հետ գործակցելով՝ աւելի լաւ պայմաններ ապահովել։
Այս բոլորին համար, Փաշինեան պէտք է հրաժարի եւ խաղաղ իշխանափոխութիւն իրականացնէ, որովհետեւ ուրիշ անձ մը պէտք է՝ փոխելու համար ամէն ինչ թուրքերուն տրուող համաձայնութիւնը։
Անշուշտ, ունինք նաեւ 100,000 տեղահանուածներու, վիրաւոր զինուորներու, քաղաքայիններու եւ նահատակներու ընտանիքներուն դիմագրաւած մարդկային աղէտը։ Մեր պարտականութիւնն է բնակարաններ ապահովել անոնց, ինչպէս նաեւ տարրական կարիքներ, կրթութիւն, գործեր եւ առողջապահական սպասարկութիւններ։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Հայաստանի ՀՅԴն եւ այլ կազմակերպութիւններ արդէն իսկ կը պահանջեն Փաշինեանի հրաժարականը։ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն համաձա՞յն է այդ կեցուածքին։
ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն արդէն իսկ յայտարարութեամբ մը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանի ՀՅԴին, որ որոշ շատերու կողմէ դաւաճանութիւն նկատուող այս աղէտին գլխաւոր պատասխանատուն Փաշինեանն է, որ վերջին 2.5 տարիներուն ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ շարք մը այլ տագնապներ ստեղծեց։ Ան չի կրնար բանակցութեան սեղան վերադառնալ եւ պարզապէս «միտքս փոխեցի» ըսելով եւ արդէն իսկ կարողութիւնը չունի ազդու կերպով հաղորդակցելու Մոսկուայի, Ֆրանսայի կամ Միացեալ Նահանգներու հետ։
Այս կեցուածքը նախորդ վարչակազմերուն զօրակցելու կեցուածք պէտք չէ նկատել, որովհետեւ անոնք եւս հարցեր ունէին եւ հրաժարելու կոչերը քաղաքական ներքին հաշիւներ չեն հետապնդեր, որովհտեւ այդ հաշիւները մէկ կողմ դրուած էին պատերազմական ջանքերուն նախապատուութիւն տալու համար։ Այս կոչին նպատակը ներկայ վարչակազմին ստեղծած աներեւակայելի եւ աղէտալի վիճակէն փրկելն է հայութիւնը։
Այո, մենք ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնենք Հայաստանի ՀՅԴին եւ կը պահանջենք Փաշինեանի հրաժարականը, ի սէր մեր ազգին եւ փոխելու համար այս աղէտալի համաձայնութիւնը։
Թող բոլորը գիտնան, թէ այն հայը, ոը հայկական հող կը յանձնէ կամ Արցախի ապագան կը վտանգէ, դաւաճան մըն է։ Այն հայը, որ մասնակից է նման դաւադրութեան կամ կը զօրակցի անոր, նմանապէս դաւաճան է հայ ազգին եւ ամօթ պիտի բերէ իր ընտանիքին։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Յիշեցիր, որ պէտք է միացեալ եւ ամուր մնանք, ի շահ Արցախի եւ Հայաստանի, սակայն վարչապետին հրաժարականը պահանջելը բաժանում պիտի չսերմանէ՞։
ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ.- Ոչ։ Մենք այս կտրուկ քայլին դիմելու կոչ կ՛ընենք, թշնամիին յանձնուելու համաձայնութիւն ընդունելով վարչապետին ստեղծած անխուսափելի աղէտին առաջքը առնելու համար։
Հայ ժողովուրդը աննախադէպօրէն միացեալ ոգիով ոտքի կանքնեցաւ մեր ժողովուրդն ու հողերը պաշտպանելու համար, պայքարելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։ Արցախի ի նպաստ միացեալ այս պայքարը պէ՛տք է շարունակել եւ պիտի՛ շարունակենք։
Միասնականութեան կոչ կը կատարենք, ոչ միայն միասին ըլլալու համար, այլ հետապնդելու համար մեր ազգային շահերը, որոնք մեր նախապատուութիւններուն վրայ հիմնուած են եւ ոչ թէ մէկ անձի։ Այսօր այդ նախապատուութիւնը Արցախն է եւ անոր ապահովութիւնը եւ ճանաչումը միջազգային համայնքին կողմէ։ Այն հայը, որ կը հատէ այս գիծը դաւաճան է։
Միացեալ ճակատ մը պահելու համար, չենք կրնար համախմբուիլ անձի մը շուրջ, որ մեզի խաբելով Արցախը եւ հաւանաբար Մեղրին յանձնեց թշնամիին, իսկ այժմ կը ձերբակալէ այլախոհներ եւ կը փորձէ լռութեան մատնել ընդդիմախօսները եւ մարդկային, քաղաքկան եւ ռազմական տագնապները լուծելու փոխարէն, ուրիշներ կը մեղադրէ։
Մեր ազգային օրակարգին եւ նախապատուութիւններուն հիման վրայ, բոլոր հայերը պէտք է միասնաբար ջատագովեն վարչապետին հրաժարումը եւ փոխեն թշնամիին հետ անոր կնքած համաձայնութիւնը։