ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆութպոլի Իտալիոյի Ա. դասակարգի 8րդ շաբթուան մրցումներուն, «Ռոմա» Կիրակի օր հիւրընկալեց «Փարմա»ն:
Մրցումը աւարտեցաւ մայրաքաղաքի կազմին 3-0 յաղթանակով եւ անոր կօլերէն երկուքը նշանակեց Հայաստանի հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան:
Այս յաղթանակին շնորհիւ, «Ռոմա» այժմ կը գրաւէ երրորդ դիրքը։