ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.-Ներկայացուցիչներու տան Հետախուզական հարցերու յատուկ յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Տեւըն Նունիէզ կոչ ըրաւ Սպիտակ տան, որ անմիջապէս կասեցնէ բոլոր զէնքերու վաճառքը՝ Թուրքիոյ եւ ռազմական աջակցութիւնները՝ Ատրպէյճանին։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց քոնկրեսականին այս կոչը, անընդունելի համարելով Հայ Դատի այս պահանջներուն նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ցուցաբերած լռութիւնը։
Յիշեցնենք, որ Համբարեան քանի մը շաբաթ առաջ, Ֆրեզնոյի մէջ, քոնկրեսականին հետ ունեցած էր հանդիպում մը, որուն ընթացքին շեշտած էր, թէ Ամերիկա պէտք է կասեցնէ անօդաչու թռչող սարքերու համար նախատեսուած ամերիկեան բաղադրամասերու Թուրքիոյ վաճառքը, նկատի ունենալով, որ անոնք Թուրքիոյ եւ անոր դաշնակից Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ կ՛օգտագործուին քաղաքային թիրախաներու դէմ:
Նունիէզ անընդունելի նկատեց Ատրպէյճանի կողմէ անօդաչուներով յարձակումները՝ պահանջելով, որ անոնք անմիջապէս դադրեցուին: Ան ընդունեց, որ այդ յարձակումները կը խրախուսուին Թուրքիոյ կողմէ։
Հայ Դատի ջանքերուն շնորհիւ, ցարդ շարք մը ընկերութիւններ արդէն իսկ կասեցուցած են անօդաչու թռչող սարքերու համար նախատեսուած բաղադրամասերուն վաճառքը, իսկ ուրիշներ կը քննարկեն նման քայլ մը առնելու կարելիութիւնը։
Reading French copy of Talaat letter addressed to us exposing character,reaction,expectation and cause of big empire loss to minimal state. Genocide planer’s accurate prediction, for repeatable mistakes, avoidable if corrected, must be read daily to understand our mistakes, recognize ,not losing any more.