ԵՐԵՒԱՆ.- 21 Նոյեմբերին Ազատութեան հրապարակին վրայ դարձեալ տեղի ունեցաւ վարչապետին հրաժարականը պահանջող քաղաքացիներու հանրահաւաք, որուն կը մասնակցէին նաեւ Երեւանի մէջ ապաստան գտած արցախցիները, պատերազմին ընթացքին հարազատներ ու ընկերներ կորսնցուցած քաղաքացիներ եւ Արցախի ճակատագիրով մտահոգները:
Հանրահաւաքին մասնակցողները նշեցին, որ, ի հեճուկս վարչապետին խոստումին, թէ որեւէ գաղտնի բանակցութիւն պիտի չկատարէ, եւ թէ ժողովուրդը պիտի որոշէ Արցախի հարցով ամէն բան, Նիկոլ Փաշինեան գաղտնի որոշում տուաւ եւ Արցախի անձնատուութեան փաստաթուղթ ստորագրեց:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ վարչապետին եւ կառավարութեան հրաժարականը հիմնական հարց է, որպէսզի նոր որակի իշխանութիւնը վերականգնէ Հայաստանի արժանապատուութիւնը, վարէ այնպիսի արտաքին քաղաքականութիւն, որ պիտի բացառէ պատերազմը։ Հակառակ պարագային, եթէ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնավարէ, մեր ժողովուրդին կը սպառնան նոր պատերազմներ եւ նոր արհաւիրքներ։
«Ութ ամսուայ մէջ Նիկոլ Փաշինեանը ապահովուեց 8000 զոհ, 8000 հայ զոհուեցին ռազմաճակատում եւ կորոնավիրուսի հետեւանքով եւ սրա թիւ մէկ մեղաւորը Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կառավարութիւնն է: Թիւ մէկ մեղաւորները պէտք է կանգնեն դատարանի առաջ եւ կրեն պատասխանատուութիւն, որպէսզի բացառենք հետագայում որեւէ ազգադաւ, հայրենադաւ իշխանութեան գոյութիւն մեր երկրում», նշեց ան:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի՝ միւս կարեւոր ուղղութիւնը, որուն պէտք է նոր կառավարութիւնը ձեռնարկէ, քայքայուած տնտեսութեան վերականգնումը եւ աշխատատեղերու ստեղծումն է: Պէտք է արտաքին պարտքի շեշտակի վերանայում իրականացուի, հակառակ պարագային՝ մեր պետութիւնը արտաքին պարտքի բեռան տակէն չի կրնար դուրս գալ. «Այսօր բազմահազար սոցիալապէս անապահովներին միացել են նաեւ ռազմաճակատում վիրաւոր դարձած, զոհուածի ընտանիք հանդիսացող անձանց սոցիալական (ընկերային-Խմբ.) պաշտպանութիւնը, այս կառավարութիւնը ի վիճակի չէ լուծելու այս հարցերը»:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ, բժիշկ, ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան ըսաւ, որ մենք յաղթող ժողովուրդ ենք, պարտուողը Նիկոլ Փաշինեանն է՝ իր մանկապարտէզի խումբով: «Ով բացեց Հադրութի թիկունքը, ով է դրա պատասխանը տալու, որտեղից սողոսկեցին դիւերսիոն խմբերը», յայտնեց ան՝ դիտել տալով, որ արձանագրուած մեծ պարտութենէն բացի, իշխանութիւնները մեզ կը պատրաստեն հետագայ պարտութիւններու:
Փաշինեանը համոզելու որ հրաժարի, շիակ ճանապարհը կը տեսնեմ Հայաստան Հիմնադրաին Պոյքոթը: Պիտի զգայ որ սփիւռքն ալ միացած է Երեւանի ցուցարարներուն: Իր հրաժարումէն ետք նոր իշխանութըեան թիկունք կը կանգնինք: Մինռեւ այսօր սփիւռքը անտեսողը պէտք է իմանայ որ Սփիւռքը ոտքի ելած է ու իր տեղը կ’ուզէ գտնել հայրենի հարցերը լուծելու համար: Սփիւռքը կաթ տուող կովն է, միայն: