ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Յորդանան կը գտնուի Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ արաբական աշխարհի տարբեր երկիրներու ղեկավարներու հետ ունենալու համար հանդիպումներ, որոնց նպատակն է վերահաստատել այդ երկիրներուն հետ Հայաստանի բարեկամութիւնը եւ համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը, ընդլայնելու եւ ամրապնդելու կապերը:
Ողջունելով Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը` Յորդանանի թագաւոր Ապտալլահ Բ. ըսաւ, որ երկու երկիրները իրարու կապուած են ամուր բարեկամութեան եւ պատմական յարաբերութիւններով:
Հանդիպումին ընթացքին նշուեցաւ, որ Հայաստան այսօր դէմ յանդիման կը գտնուի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու եւ, իբրեւ լաւ ընկեր ու բարեկամ, կ՛ակնկալեն սերտօրէն աշխատիլ ու աջակցութիւն ցուցաբերել:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալութեան, աջակցութեան խօսքերուն եւ երկու երկիրներուն միջեւ բոլոր մակարդակներու վրայ յարաբերութիւնները առաւել զարգացնելու շարունակական պատրաստակամութեան համար: Ան յիշեց ամիսներ առաջ Յորդանանի թագաւորին հետ Երեւանի մէջ կառուցողական քննարկումներն ու ապագային ծրագիրները: Նշելով, թէ որեւէ դժուար վիճակէ ելքի յոյս կայ` նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ նախանշուած ծրագիրները կեանքի կը կոչուին, կը ստեղծուի աւելի խոր համագործակցութիւն:
Ջերմ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ անդրադառնալով երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ տարբեր ոլորտներու մէջ ներուժը առաւել արդիւնաւէտ օգտագործելու կարելիութիւններուն` Հայաստանի նախագահը եւ Յորդանանի թագաւորը պատրաստակամութիւն յայտնեցին յառաջ մղելու երկկողմանի փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը: Ըստ անոնց` երկու երկիրները ունին բազմաթիւ ընդհանրութիւններ, հնագոյն քաղաքակրթութիւններու կրողներ են, կարեւոր կը նկատեն եւ կը գնահատեն մարդկային պաշարը՝ զայն դարձնելով զարգացման տանող հիմնական շարժիչ ուժ:
Զրուցակիցները համակարծիք եղան, որ Հայաստան եւ Յորդանան կրնան յաջողութեամբ համագործակցիլ մասնաւորապէս նորագոյն արհեստագիտութեան, կրթութեան, գիտութեան, առողջապահութեան, սնունդի անվտանգութեան, զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ, Հայաստանի համար ուսանելի կրնայ ըլլալ գաղթականներուն հետ աշխատանքի Յորդանանի փորձառութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան Յորդանանի թագաւորին հանգամանօրէն ներկայացուց Արցախի նկատմամբ ատրպէյճանական-թրքական ռազմական յարձակումին հետեւանքները, եւ, այդ պարունակին մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Յորդանանեան կողմը նշեց, որ օգտագործած է միջազգային հարթակներու վրայ ունեցած իր կապերն ու հեղինակութիւնը` նպաստելու խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն։