( ԾՆՆԴԵԱՆ 161ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Քրիստափոր Միքայէլեան եղած է պատմական Գողթն գաւառէն։ Ան ծնած է Հոկտեմբեր 18, 1859ին, Վերին Ագուլիսի մեծ գիւղը: Ան կանուխ հասակէն որբացած է, ինչպէս ինք կ՛ըսէ, «տրտում մանկութիւն» ունեցած է:
Տկար կազմով, կաղ, բայց ուշիմ ու խոհուն, եղած է արտակարգ ընդունակութիւններով օժտուած տղայ մը: Նախնական կրթութիւնը ստանալով իր ծննդավայրը, 1874ին կը յաջողի անցնիլ Թիֆլիս եւ երկու տարի նախապատրաստուելէ ետք, կ՛ընդունուի Ուսուցչական Ճեմարանը, առաջին կարգի մրցանակով վկայուելով, 1880ին:
Բացի սովորական դասերէն, Ճեմարան եղած շրջանին Քրիստափորը եղած է անյագ կարդացող, գլխաւորաբար՝ ընկերային, հոգեբանական ու մանկավարժական գրականութիւն:
Միաժամանակ, Քրիստափոր կը մասնակցէր աշակերտական ինքնազարգացման խմբակներուն, որոնց մէջ գործօն ու ղեկավար դեր կը կատարէր, շնորհիւ իր բնական ձիրքերուն եւ գիտական պատրաստութեան:
Ճեմարանը աւարտելէ ետք, Քրիստափոր քանի մը տարի ուսուցչութիւն կ՛ընէ իր ծննդավայր՝ Ագուլիսի ծխական դպրոցին մէջ, իսկ ամառնային արձակուրդները կ՛անցնէ Թիֆլիսի մէջ: Ան արդէն կազմակերպուած անհատականութիւն էր: Մէկ խօսքով` բնութիւնը Քրիստափորին ստեղծած էր ղեկավար եւ առաջնորդ ըլլալու համար:
Քրիստափորի մտաւոր աճին մէջ վճռական նշանակութիւն ունեցան անոր ուսուցչական տարիները, երբ ան մօտէն շփուեցաւ գիւղացիութեան հետ, իր աչքերովը տեսաւ, թէ ինչ աւերներ կը գործէ ցարական բռնապետութիւնը, ինչ անիրաւութիւններու ու զրկանքներու ենթարկուած է հայ ժողովուրդը միայն այն պատճառով որ հայ է: Ան տեսաւ ռուս գաւառական պաշտօնեաներու շահատակութիւնները, եւ բնականաբար՝ խորապէս ազդուեցաւ եղածներէն:
1884ի աշնան, երբ ուսուցչական պաշտօնով կը փոխադրուի Թիֆլիս, Քրիստափոր մեծ եռանդով կը նուիրուի հայ ազգային խմբակներու կազմակերպութեան եւ անոնց քաղաքական-յեղափոխական դաստիարակութեան գործին: Երբ 1885ի Մարտին, ցարական հրամանով փակուեցան հայկական դպրոցները, միայն այս խմբակներէն լսուեցաւ բողոքի ձայնը, հրապարակուեցաւ թռուցիկ մը՝ Քրիստափորի եւ Գ. Միրզոյեանի կողմէ կազմուած, որով կոչ կ՛ընէին հայ հասարակութեան դիմադրել կառավարական ոտնձգութիւններուն եւ ազգային կրթութեան գործը շարունակել ընտանիքներու մէջ:
1885ի աշունէն մինչեւ 1887ի ամառը, Քրիստափոր Մոսկուայի մէջ, իբրեւ ազատ ունկնդիր աշակերտ, նուիրուեցաւ, ինչպէս ինք կ՛ըսէր՝ «բացառապէս տնտեսական զբաղումներու»: Հոն ան կը մտերմանայ Սիմոն Զաւարեանի եւ Բերովքայի հայ ուսանողներուն հետ:
Մոսկուայի մէջ այն ժամանակ, հայ ուսանողութիւնը կ՛ապրէր եռուն հասարակական կեանքով: Ուսանողութիւնը բաժնուած էր երկու հոսանքներու. «Մէկը մերն էր», կը գրէ Քրիստափոր իր յուշերուն մէջ, «որ առանց դադարելու, հետաքրքրուած էին հարազատ ժողովուրդին կեանքով ու գրականութեամբ՝ ձգտում էր որքան կարելի է շատ գիտելիքներ ձեռք բերել հասարակագիտութենէն. Միւս հատուածը, որ մեզի «կոսմոպոլիտ» անունը կու տար, ոչինչ չէին ուզեր գիտնալ, բացի հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ գրականութեան ուսումնասիրութենէն, որուն համար իր հերթին, «շովինիստներու խումբ» անունն էին ստացած մեզմէ»:
Քրիստափորը կեդրոնական դէմք էր առաջին հատուածին մէջ, բայց ընկերական մօտիկ յարաբերութիւններ կը պահէր նաեւ վերջիններուն հետ: Միեւնոյն ժամանակ լրջօրէն կ՛աշխատէր հարստացնելու իր մտաւոր պաշարը, հետեւելով յատկապէս հասարակական գիտութիւններու:
Գիտական նոր պաշարներով զինուած, 1887ի ամառը Քրիստափոր կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր իր կազմած խմբակները քայքայուած էին. ան եռանդով կը ձեռնարկէ վերակազմութեան աշխատանքին:
«Հարկաւոր էր կազմակերպական գործը սկսիլ սկիզբէն եւ նախապատրաստական բնոյթ կրող այսպիսի աշխատանքներուն մէջ կ՛անցնէին մեր օրերը: Իմ մէկ փորձը ընկ. Ստեփան Զօրեանին՝ Ռոստոմի հետ, Թիֆլիսի մէջ հիմնելու գաղտնի տպարան մը, յաջողութիւն չունեցաւ նիւթական միջոցներու պակասի պատճառով», կը գրէ ան:
Հակառակ նիւթական աննպաստ պայմաններու, Քրիստափոր առանց վհատելու կը շարունակէր յեղափոխական կազմակերպական եւ դաստիարակչական աշխատանքները՝ իր շուրջ ունենալով, իբրեւ գործակից, շարք մը գաղափարական երիտասարդ մտաւորականներ: Անոր անմիջական ազդեցութեան տակ էր, որ 1889ին ստեղծուեցաւ«Երիտասարդ Հայաստան» կազմակերպութիւնը, անջատ խմբակները միացնելու համար:
1890ին հիմնուեցաւ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը: Քրիստափորի հանճարին ենք պարտական մեծապէս, որ հայ ժողովուրդը ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն յետոյ, Քրիստափոր նորակազմ կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ է եւ գլխաւոր ղեկավար դէմքը: Թիֆլիսի մէջ սակայն անոր երկար ատեն չեն ձգեր, 1891ի գարնան ան կը ձերբակալուի եւ զինք կ՛աքսորեն Բեսարիա՝ Քիշինեւ: Նոյն վիճակին կը մատնուին նաեւ Ս. Զաւարեանը, Յ. Արղութեանը եւ ուրիշներ:
Ցարական իշխանութիւնը ընդհանուր հալածանքի սկսած էր հայ յեղափոխականներու դէմ՝ հակառակ անոր, որ անոնք միայն թրքահայերու հարցով զբաղած էին եւ Ռուսիոյ ներքին խնդիրներուն միջամուխ չէին:
Նոյնիսկ աքսորավայրին մէջ Քրիստափոր հանգիստ չմնաց եւ շարունակեց յեղափոխական աշխատանքը: Ի միջի այլոց, ան գաղտնօրէն անցաւ Ռումանիա եւ կազմակերպեց «Դրօշակ»ի երրորդ համարի հրատարակութիւնը: Աքսորի ժամանակաշրջանը մէկ տարին լրանալէ յետոյ, 1892ի ամառը, վերադառնալով աքսորէն, ան մասնակցեցաւ ՀՅԴ առաջին Ընդհանուր ժողովին: Այդ ժողովին հաստատուեցաւ կուսակցութեան ծրագիրը, որուն հեղինակներէն մէկն էր Քրիստափորը: Նոյն ժողովին փոխուեցաւ նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական ձեւը՝ ապակեդրոնացման սկզբունքով եւ ընտրուեցաւ առաջին Բիւրօն:
Քրիստափորն ու Զաւարեանը գործօն անդամներն էին նորընտիր Բիւրոյին:
Մինչեւ երկրորդ Ընդհանուր Ժողով, 1898ին, Քրիստափոր կը մնայ Թիֆլիս, որպէս ոգին եւ մղիչ գլխաւոր ուժը ՀՅ Դաշնակցութեան՝ անմիջական գործակից ունենալով Ս. Զաւարեանը:
1895ի Հոկտեմբերին ան անգամ մը եւս կը ձերբակալուի եւ վեց ամիս Պաքուի մէջ բանտարկուած մնալէ ետք, 1896ի Մարտ 23ին ազատ կ՛արձակուի, 2000 ռուբլի փրկագինով եւ Թիֆլիսէն չհեռանալու պայմանով: Անոր ջանքերով եւ անմիջական ղեկավարութեամբ գլուխ եկաւ Խանասորի աշխատանքը, ժամանակի մեծագոյն յեղափոխական դէպքը:
Քրիստափորի անմիջական շունչին տակ համախմբուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ Եւրոպայի Հայ Ուսանողական միութիւնը, որ նշանակալից դեր կատարեց ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութեան մէջ:
ՀՅԴ երրորդ Ընդհանուր ժողովէն ետք, 1904ին, Քրիստափոր հեռանալով «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը, կը նետուի նոր փոթորիկի մէջ: Վաղուց անոր կը տանջէր սուր միտք մը, վերցնել մէջտեղէն այն չարիքը, որ պատուհաս դարձած էր հայ ժողովուրդի գլխուն, մահով պատժել սուլթան Ապտիւլ Համիտը: Այդ առաջարկը ան բերաւ Ընդհանուր ժողովին, որուն վաւերացումէն ետք, անցաւ այդ գործին գլուխը:
Քրիստափոր կազմեց մահափորձի ծրագիրը, ընտրեց գործակիցներ, անձամբ մտաւ Պոլիս հրեայ Սամուէլ Ֆայն ծածկանունով եւ կատարեց նախապատրաստական աշխատանքները։ Կարմիր սուլթանը օդը պիտի հանուէր «դժոխային մեքենայով» Սելամլըքի արարղութեան միջոցին:
Ճակատագիրը սակայն այլ կերպ տնօրինեց. 1905ի Մարտ 17ին, Սոֆիայի մօտ, Վիտոշի բարձունքին, ռումբի փորձի ընթացքին, Քրիստափոր նահատակուեցաւ իր գործակից Վռամշապուհ Քենտիրեանի հետ միասին:
Քրիստափոր մեռաւ առանց նպատակին հասնելու, բայց իր գաղափարներն ու ոգին շարունակուեցան ապրիլ ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ, իբրեւ ներշնչումի եւ ոգեւորութեան աղբիւր հայրենիքի ազատութեան համար մարտնչող սերունդներու աչքին: