ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի «Արփա» հիմնարկի (AFFMA) շարժապատկերի «Արփա» միջազգային 23րդ փառատօնը համաճարակին պատճառքով այս տարի տեղի ունեցաւ առցանց, 12էն 22 Նոյեմբերի միջեւ:
Փառատօնին ընթացքին ցուցադրուեցան 20 երկիրներէ 69 ֆիլմեր, որոնք նուիրուած էին ցեղասպանութիւններու, պատերազմներու, մարդկային իրաւանց, կենսոլորտային եւ ընկերային հարցերու զանազան երեսներուն:
Լաւագոյն ֆիլմի մրցանակին արժանացաւ «Omar and Us»ը, որուն բեմադրիչները՝ Մարինա Էր Կորպախ եւ Մեհմետ Պահատիր Էր արժանացան լաւագոյն բեմադիչի մրցանակին:
Լաւագոյն բեմագրութեան մրցանակին արժանացաւ «Ալեքսէյ» ֆիլմին բեմագիր Պարպարա Վեքարիք, իսկ լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմին մրցանակը շնորհուեցաւ բեմադրիչ Ռոպերթ Ատանթոյի «Born Just Now» ֆիլմին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.arpafilmfestival.com կայքը: