ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քիմ Քարտաշեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի եւ Պըրքլիի մասնաճիւղներուն մէջ գործող «Ծածուկ ճանապարհ նախաձեռնութիւն» (Hidden Road Initiative) կազմակերպութեան նախաձեռնած է նուէրներ հաւաքելու արշաւի մը, որուն նպատակն է աջակցութիւն տրամադրել Արցախի տեղահանուած բնակիչներուն:
«Տօնական ուսապարկեր Արցախի համար» կոչուող նախաձեռնութեան նպատակ է՝ ուրախութիւն պարգեւել արցախեան պատերազմին պատճառով տեղահանուած երեխաներուն:
Նախաձեռնութեան մասնակցելու համար այցելել www.hiddenroadinitiative.org կայքը։