ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ատրպէյճանական կողմին մօտ գտնուող ռազմական գերիներուն եւ պատանդներուն վերադարձին հարցով դիմեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին: Այս մասին կը հաղորդէ նախագահին աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Նախագահ Սարգսեանի նամակին մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի, որ Հայաստանի հասարակութիւնը եւ Սփիւռքը խիստ անհանգստացած են ատրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուող զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն վիճակով:
Ռուսիոյ նախագահին միջնորդութիւնը մեծ աջակցութիւն պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի կողմէ գերի առնուած մեր զինուորականները եւ քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ զոհուածներու մարմինները վերադարձնելու չափազանց զգայուն հարցիլուծման գործին մէջ, կ՛ըսուի նախագահ Սարգսեանի նամակին:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ Հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան յայտնեց, թէ
Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ գերիներուն հարցով անձամբ կը զբաղի նախագահ Փութին: «Մենք պարտաւոր ենք այդ հարցով զբաղելու: Հանդիպեցայ նախագահին միջազգային հարցերու օգնական Եուրի Ուշաքովի հետ: Առաջին հարցը, որուն մասին խօսեցան այդ էր: Նամակ գրեցինք նախագահին եւ պատասխան ստացանք: Այսօր Ռուսիոյ նախագահը անձամբ կը զբաղի այս հարցով», ըսաւ Աբրահամեան: