ԹԵՀՐԱՆ, ՊՐԻՒՔՍԵԼ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ուրբաթ օր յայտարարեց Իրանի հիւլէական ծրագիրի գլխաւոր մասնագէտ Մուհսեն Ֆախրիզատէի սպանութիւնը՝ աւելցնելով, որ «ահաբեկչական տարրեր» զինք թիրախ դարձուցին:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ազդեցիկ գիտնականը ահաբեկուեցաւ Տամաունտ քաղաքին մօտ, իսկ «Ֆարս»ը տեղեկացուց, որ ահաբեկման գործողութեան ընթացքին բախումի մը ատեն երեք կամ չորս ահաբեկիչներ սպաննուած են:
Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի յայտնեց, որ Ֆախրիզատէի սպանութիւնը անպատասխան պիտի չմնայ՝ նոյն ժամանակ նախազգուշացնելով. «Թեհրան, այնուամենայնիւ, պիտի չյայտնուի սիոնական վարչակարգի լարած թակարդին մէջ: Իրան տեղեակ է թշնամիին մտադրութիւններէն եւ անոր պիտի չարտօնէ հասնիլ իր նպատակին»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտնեց, թէ Ֆախրիզատէի ահաբեկումը «վախկոտ արարք մըն է»՝ նշելով, որ անոր մէջ կան Իսրայէլի յստակ մատնահետքերը:
Եւրոպական Միութիւնը դատապարտեց եւ «ոճրային արարք» որակեց ահաբեկումը, իսկ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը, վկայակոչելով ամերիկացի պաշտօնատար մը՝ հաղորդեց. «Իսրայէլ կը կանգնի իրանցի հիւլէական մարզի գիտնական Ֆախրիզատէի ահաբեկման ետին»:
Իր կարգին, ռուս ծերակուտական Ալեքսէյ Փուշքով յայտնեց, որ ակնյայտ է, թէ Ֆախրիզատէի սպանութիւնը սադրանք է, սակայն աւելցուց, թէ Իրան պէտք է զերծ մնայ ճակատումէ:
«Թեհրան շահագրգռուած է, որ Միացեալ Նահանգները վերադառնայ Իրանի հիւլէական ծրագիրի համաձայնագիրին: Յստակ է, որ սպանութիւնը նպատակ ունէր սրել լարուածութիւնը եւ տապալել այդ բեմագրութիւնը: Իրան պատերազմի սկսելու առիթ պիտի չտայ, թէեւ ճիշդ այդ մէկուն կը սպասեն անոր թշնամիները», յայտարարեց ծերակուտականը:
Վերջապէս, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռաապ յայտնեց, թէ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները մտահոգ են Ֆախրիզատէի սպանութեամբ եւ կը սպասեն տեղի ունեցածին մասին ամբողջական տեղեկատուութեան հրապարակման: «Մենք մտահոգուած ենք Իրանի եւ ամբողջ շրջանին մէջ տիրող իրավիճակով. կ՛ակնկալենք լարուածութեան մեղմացում: Մենք կը սպասենք տեղի ունեցածին մասին ամբողջական տեղեկութիւններուն, սակայն կրնամ ըսել, որ մենք դէմ ենք քաղաքայիններու վրայ յարձակումներուն», ըսաւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Միւս կողմէ, «Աքսիոս» կայքը կը գրէ, թէ Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերուն յանձնարարուած է նախապատրաստուիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնավարման վերջին օրերուն Իրանի վրայ ամերիկեան հաւանական զինուորական հարուածի մը:
Իսրայէլի բարձրաստիճան պաշտօնատարները մինչեւ ընտրեալ նախագահ Ճօ Պայտընի երդման արարողութիւնը երկարող ժամանակահատուածը «գերզգայուն ժամանակահատուած» կը նկատեն: «Աքսիոս»ը կը նշէ, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին երկու անգամ խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Քրիսթոֆըր Միլըրի հետ՝ «քննարկելով Իրանի վերոբերող կարգ մը հարցեր»:
Յիշեցնենք, որ Իրանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Հոսէյն Տեհքան ազդարարած էր, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ զինուորական հարուածը կրնայ Միջին Արեւելքի մէջ «լայնածաւալ պատերազմ» հրահրել: