ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա»․- Մոսկուա Արցախի մէջ զոհուածներու մարմիններուն եւ ռազմական գերիներու փոխանակման գործընթացին մէջ դիտումնաւոր ձգձգում չի տեսներ, յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, 1 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած ՀԱՊԿի արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին։ «Սակայն, փաստօրէն կան բարդութիւններ, որոնք յոյս ունինք, որ արագօրէն կը լուծուին», աւելցուց ան:
Ըստ Լաւրովի՝ պատերազմին վայրը կը դժուարեցնէ այս հարցը արագօրէն լուծելու ջանքերը, «մանաւանդ երբ չկան անհետ կորած համարուող անձերու յստակ ցանկեր»: