ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«Կարկուտ, կայծակ եւ երկրաշարժ,
Սով, պատերազմ, հիւանդութիւն,
Ո՛վ չի գիտեր՝ թող գիտենայ»
Հայաստանը ահաւոր կորուստ ունեցաւ, հայութիւնը նոր աղէտի մը ենթարկուեցաւ:
Ո՞վ է մեղաւորը:
Եթէ անկեղծօրէն ուզենք որոնել մեր այս իրավիճակին պատասխանատուները, կամայ-ակամայ մեր հայեացքը կ՛ուղղուի ետ՝ հազարամեակներ ետ, ու առաջին հերթին կանգ կ՛առնէ մեր Նահապետ Հայկին վրայ: Ի՛նչ փչեց խելքին, չուզեց ենթարկուիլ Բէլի իշխանութեան, եւ օլուխ-չոճուխը հաւաքած՝ գաղթեց հիւսիս, բարձրացաւ լեռները: Չէր ուզեր հոն մնալ, թող միայնակ չ՛որոշեր մեր ճակատագիրը, հաւաքէր մեծամեծները, խորհրդակցէր, կարծիք առնէր: Թերեւս հարաւ իջնէր, Եփրատի կամ Տիգրիսի եզերքէն, հասնէր ինչ որ հիմա գիտենք որպէս Պարսից ծոց: Քարիւղի հո՞տն ալ չէր առած, թէ այդ հոտէն խրտչեցաւ: Ա՜խ այդ ազատատենչութիւնը, որուն տակաւին հաւատացողներ կան:
Ան անանկ, յետո՞յ: Իրմէ ետք եկողները չեղան աւելի իմաստուն, մնացին այդ ժայռերուն վրայ, որոշեցին երկիր դառնալ, պետութիւն հաստատել, նոյնիսկ Առաջին Արտաշէսն ալ հայերէնը յայտարարեց որպէս պետական լեզու: Այդ ալ նո՛ր արկածախնդրութիւն մը, որուն հետեւանքները գալիք դարերուն զգացուեցան: Ա՜խ այդ լեզուն: Եւ ըսել, որ տակաւին հայերէնադաւաններ կան մինչեւ օրս:
Այդ չէր բաւեր, Երկրորդ Արշակն ալ եկաւ ուրի՛շ առասպել մը փաթթեց մեր գլխուն, այնպէս կտակեց, որ պարսից արքային առջեւ ինք ուժեղ եւ ինքնավստահ կը դառնար, երբ գորգին տակ դաւադրաբար ցանուած հայրենի հողին վրայ կը կանգնէր անգիտակցաբար: Այդ հողին ո՜ւժը, այդ ուժին բո՜յրը: Ասով արբեցողներ մնացին մեր մէջ մինչեւ օրս:
Անկէ ետք ո՞վ եկաւ մեր գլխուն պատուհաս՝ Երրորդ Տրդատը: Ծուղակը ինկաւ: Ինք, որ այդքան կրցած էր դիմադրել խաղաղասիրութեան, թշնամին իսկ սիրելու քարոզչութիւններուն, որոնք երկու-երեք դարէ ի վեր այն օրերու սորոսականները կը տարածէին, իբր թէ քրոջը մէկ երազին ունկնդիր, թոյլ տուաւ որ Խոր Վիրապէն դուրս հանեն այդ Գրիգոր կոչեցեալը, Անակի որդի, որ զինք պիտի բուժէր իր ունեցած գայլախտէն ու մեզ վերածէր ոչխարներու: Բայց այդ ալ տեւականացաւ, դարձանք առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը, միթէ վերջի՞նը պիտի մնանք գայլերու այս աշխարհին մէջ:
Եւ յետոյ որո՞նք եկան ամրապնդեցին մեր այս տեղատուութիւնը: Վռամշապուհ-Սահակ-Մեսրոպ եռեակը, որոնք ամէն գնով կ՛ուզէին մեզ դարձի բերել, նոյնիսկ սադայէլական միտքը յղացան հայկական այբուբենը վերստեղծելու, որպէսզի յոյներուն կամ ասորիներուն ազդեցութեան չենթարկուինք: Ստիպուեցան ահագին ծախսերու տակ մտնել, ուսուցիչներ պատրաստել, դասագրքեր մէջտեղ բերել, դպրոցներ բանալ, գործ մը, որ դեռ չէ վերջացած, ու մենք ալ ստիպուած՝ նոյնը կը փորձենք շարունակել ընել, ի գին մեծ զոհողութիւններու, փոխանակ ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն կամ այլ լեզուներ որդեգրելու ու այս բոլոր անհարկի պարտաւորութիւններէն ձերբազատելու:
Յետոյ… յետոյ Խորենացի մը մէջտեղ ելաւ ու այդ բոլորին մասին պատմեց՝ ողբալով մեր վիճակին վրայ, բայց նոյն ատեն ալ հաւատացնելով, որ մենք ալ արութեան շատ գործեր տեսած էինք մեր պատմութեան ընթացքին:
Մամիկոնեան Վարդա՞նը, Երէց Ղեւո՞նդը, ո՞ր մէկը յիշեմ: Եւ դեռ Եղիշէն, որ հերոսացուց զիրենք, Հաւատն ու Հայրենիքը նոյնացուց, «ձեր թուրը եւ մեր պարանոցը» պարտուողական այդ կարգախօսը յաւերժացուց: Եւ դեռ Մամիկոնեան Մուշեղը, որմէ մեզ ազատեց… Վարազդատ կոչեցեալ մը:
Պատմական ի՜նչ առիթներ փախցուցինք ձուլուելու, անէանալու, հանգիստ ապրելու այս մոլորած մոլորակին վրայ: Մեզ իրապաշտութեան կոչեր ընող Վասակները, սակայն, ձախողեցան:
Իսկ սասունցինե՛րը, այդ ծո՛ւռ, այդ խենթ սասունցիները, որոնց Դաւիթը համարձակեցաւ ընդդիմանալ Մսրայ Մելիքին ու տակաւին յաղթեց ալ՝ փոխանակ ազնուօրէն վար դնելու Թուր Կէծակին, իյնալու Մելիքին փորած հորին մէջ ու հոն ալ մնալու:
Արաբներն ալ մեզի կորսուելու նման առիթներ ընծայեցին, մեր Ռշտունի Թէոդորոսները, Երկաթ Աշոտները, Մարզպետունի Գէորգները հակառակեցան, թոյլ չտուին: Յետոյ մեծ դաշնակից բիւզանդացիները որքա՜ն նպաստեցին, որ իրենց աժանի ծախենք Անին` Գետադարձ կաթողիկոս Պետրոսի միջամտութեամբ:
Դեռ դաս չառինք: Ելանք գացինք Կիլիկիա, նո՜ր Հայաստան մը հիմնելու. Ռուբինեաններ եւ մասամբ նորին: Խոստովանիմ, որ վատ տեղ չէին ընտրեր, ծով ալ ունէինք, բայց չհասկցանք, թէ որո՛ւ հետ պէտք է եոլա երթալ, որո՛ւ գլուխ ծռել, որու հաւատը որդեգրել: Շարունակեցինք յամառօրէն մե՛ր մատեանները ծաղկել, մե՛ր լեզուն զարգացնել, մեր եկեղեցիները կերտել, մե՛ր զանգակները ղօղանջեցնել: Աւելցնեմ, որ կարգ մը իմաստուն զանգուածներ չեկան այդտեղ, նախընտրեցին տունով-տեղով հեռանալ, գտան ուծացման տանող ճանապարհները եւ իրենց արմատներէն շատ-շատ պահեցին յուշօններ, յիշատակներ, որոնք աչք չէին ծակեր, մեզի նոր պատուհասներու չէին առաջնորդեր: Անոնք սորվեր էին մոռնալ: Եւ ըսել, որ դեռ նման ձգտումներ կը յամենան «մոռնա՞լ-չմոռնա՞լ» երկընտրանքը ունեցողներուն մէջ:
Եկա՜ն յորդաները մեզի խօսք հասկցնելու: Հեռուներէն եկան, մօտերէն եկան, հուրով ու սուրով եկան ու տակաւին հանդիպեցան մեր Թաթուլներուն, Դաւիթ Բէկերուն, Սպարապետ Մխիթարներուն, Ղարաբաղի հինգ մելիքներուն: Անօգո՜ւտ: Շարունակեցինք կռուիլ:
Ուրկէ՞ ի յայտ եկաւ Խրիմեան Մկրտիչը՝ Հայոց Հայրիկը, մեր թուղթէ շերեփները երկաթէ շերեփով փոխարինելու իր կոչով: Աբովեան Խաչատուրը՝ Աղասիները ջատագովելով: Նալբանդեան Միքայէլը՝ «Ամենայն տեղ մահը մի է»ն սորվեցնելով, Րաֆֆին՝ կայծեր վառելով:
Ամէնէն մեծ փորձանքը՝ այդ յորդորներուն հաւատալով` յեղափոխական կուսակցութիւններ կազմուեցան, ինքզինք պաշտպանել քարոզել սկսան: Հազարաւոր երիտասարդներու ֆետայի դառնալու, կեանքերը վրայ տալու մղեցին:
Յետոյ մեր բարեկամները իրե՛նք որոշեցին մեզ մէջտեղէն վերցնել, քանի որ մենք կամաւոր չէինք ուզեր անհետանալ, որ խաղաղի աշխարհն այս: 1915:
Այդ ալ օգուտ չըրաւ: Կերտուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: 1918:
Մեր միւս բարեկամները յստակ դարձուցին, որ սին երազներ չսնուցանենք, մոռնանք «Ազատ-Անկախ-Միացեալ»ը, հանգի՜ստ ապրինք եղբայրական մե՜ծ «հայրենիք»ին մէջ: Նորէն չեղաւ: Չարենցներ, Շիրազներ դարձեալ մեզ մոլորեցուցին: Եւ եղեւ 1991, եղեւ հանրաքուէ, եղեւ անկախութիւն: Կամ այդպէս կարծեցինք: Շարունակեցինք պայքարիլ՝ փոխանակ զէնքերը վար դնելու: Արցախը անկախացաւ, Շուշին ազատագրուեցաւ: Որո՞ւ հոգ: Գիտէին, գիտէին, որ այդ բոլորը ժամանակաւոր կացութիւններ են: Ի վերջոյ պիտի յաղթէ ողջմտութիւնը…
Եւ հիմա մեղաւո՞ր փնտռենք:
Աւելի լաւ է ամբողջացնենք վերեւը նշուած ժողովրդական մեծիմաստ երգը՝
«Մեղաւոր է Դաշնակցութիւն»…
«Հորիզոն»