ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Կաղանդը դարձեալ կը մօտենայ,բայց այս տարուան համար բոլորիս կողմէ յաճախ ըսուած ու կրկնուած «ո՞ւր եւ որո՞ւ հետ զայն պիտի տօնենք»ի սովորական ու ընթացիկ հարցումը, օդին մէջ կախուելով` անպատասխան մնաց:
«Քորոնա» ժահրէն զգուշանալով, իրարմէ որոշ հեռաւորութիւն պահելու ու զիրար չճանչնալու չափ այլակերպ, չըսելու համար՝ մարդը իր բարեկամ դարձած շան կամ կապիկին նմանցնող, միշտ ու ամէն տեղ դիմակ կրելու պարտադրանքով, նշուելիք այս աղուոր ու յատկանշական օրը, իր կաղնիով ու զանգակներով, յոյսերով ու լոյսերով, բայց վարակի ու նոյնիսկ մահուան վախով հաւաքաբար ինչպէ՞ս կը տօնուի, չեմ գիտեր:
«Ու Որպէս նորութիւն,այս տարուան համար ալ ամէն մարդ ինքնիրեն ու ինքնիրմով թող նոր տարին դիմաւորէ», կ՛ըսեմ, քաջ գիտնալով, որ ըսածս չըլլալիք էր, բայց եղաւ…:
Մի քանի տեսակ պտուղներով ու աղցաններով ինքզինքս խաբած՝ կաղանդի «ճոխ» սեղանս կը պատրաստեմ, ու տան մէկ անկիւնը, տարիներու մեծ ծառը փոխարինած՝ պզտիկ ծառին ընկերակցութեամբ՝ թէյի տաք գաւաթը ձեռքիս, մերթ ընդ մերթ ինքզինքս հիւրասիրելով կը փոխադրուիմ հեռուները, կը հասնիմ Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարան, կը մտնեմ անոր «Տիգրանեան» սրահէն ներս, հոն ուր ծածկոց կրած իր գրասեղաններուն վրայ, իւրաքանչիւրիս համար մէկական խնձոր, նարինջ կամ պանան դրուած՝ կոկիկ ու պատշաճ յայտագրով մը նոր տարին կը դիմաւորէինք. չորս կողմ կը նայիմ , իւրաքանչիւր ընկեր— ընկերուհիի նստած տեղը կը փնտռեմ, ու զանոնք գտած կ՛ուրախանամ, մինչեւ այն ատեն, երբ պարպուած աթոոռներուն առջեւ կանգ առած՝ կը վերապրիմ տղոց կէսէն աւելիին մեզմէ հեռացած ըլլալու վիշտը, իսկ աղջիկներուն՝ մեծամասնութեամբ այրիացած ըլլալու փաստին առջեւ, կը բաժնեմ իրենց ունեցած կորուստով ստեղծուած խոր ցաւն ու նեղութիւնը…:
Քանդուած տրամադրութեամբ ձեռքս սեղանին երկալով խնձոր մը կ՛առնեմ, կը ‘որձեմ ուտել, չեմ կրնար, անհամ է. քովը դրուած նարինջը կը կեղուեմ, կը փնտռեմ այդ օրերու ամբողջ սրահը լեցնող անոր անոյշ բոյրը, չկար… երրորդ տեսակ մըն ալ չեմ փորձեր, գիտեմ, բոլորն ալ երէկուանիններէն բոլորովին տարբեր են. փայլուն,աղուոր տեսքով, բայց համ ու հոտ չունեցող պտուղներ…
Եղածէն աւելի անօթի մնալ անկարելի դարձած՝ բան մը ուտելու որոշումով խոհանոց կ՛ուղղուիմ, հոն, ուր թուռին վրայ դրուած ու շոգին ամէն կողմէ բարձրացած նոր տարուան յատուկ «ճերմակ ճաշ»ն ու զայն պատրաստող մայրս չկար… չկային նաեւ բոլոր անոնք, որոնցմէ երկուքը մեզմէ վերջնականապէս բաժնուած են արդէն, իսկ մնացեալը՝ օրուան պարտադրանքով իրարմէ հեռու մնացած. բոլորը՝ թիւով եօթը, քոյրերս ու եղբայրներս են, որոնց հետ իւրաքանչիւր կաղանդի օր ամբողջ գիշեր մեծ անհամբերութեամբ,վայրկեան առաջ մեր նուէրները բանալ կ՛երազէինք, որմէ ետք՝ «ես ուրիշ բան կ՛ուզէի», «քուկդ աւելի աղուոր է», «կ՛ուզե՞ս, որ փոխուինք» այս ու ասոր նման անմեղունակ խօսքեր, որոնք կեանքիս անփոխալինելի ժամերը յիշեցուցած՝ «երնէ՜կ այդ օրերուն», կ՛ըսեմ:
Մանկութեանս տաքուկ այս յիշատակներովս աթոռիս կը վերադառնամ ու կոճակի պզտիկ հպումով մը հեռուստատեսիլի պաստառէն կը հետեւիմ, ըլլան անոնք հայերէն, արաբերէն թէ անգլերէն լեզուով հեռարձակուած հաղորդումներուն, որոնց միօրինակութենէն ձանձրացած՝ իսկ աւելի ուշ` տեղական թէ հայրենի քաղաքական ապշեցուցիչ լուրերէն ալ յոգնած՝ փրկութեան համար տան հեռաձայնս կանչեց. ընկերուհիս Այտան էր, ըստ սովորութեան, կաղանդի օրը հանդիպած տարեդարձս էր որ կը շնորհաւորէր. ու այսպէս ամէն տարի, յիշուած ու յարգուած ըլլալու մէջս ստեղծուած զգացումը, իրմէ՝ ինձի տրուած որպէս կաղանդի մեծ նուէր ընդունած, յատուկ շնորհակալութիւնս յայտնելէ վերջ, ես ալ իմ կարգիս իր նմանները փնտռելով՝ բջիջային հեռաձայնս ձեռք առած «My Pictures» կոճակին կոխելով ովքե՜ր եւ ինչե՜ր կը յիշեմ, յատկապէ՛ս վերջերս եշբայրներուս ուղղարկուած, բայց ձեւով մը ինծի հասած այն խմբանկարը , որուն մէջ շա՜տ ու շա՜տ երիտասարդ, հարազատ հայրս անգամ չճանչցայ, բայց երբ նկարին տարածքը մեծցնելով՝ աջ ուսին քով տեսայ հանդիսաւորապէս դրուած ՀՅԴի զինանշանը, որուն նմանօրինակը բոլորիս՝ մեծին ու պզտիկին հաւասարապէս, սէր ու յարգանք պարտադրած, մեր տան ճակտին վրայ քամուած մնացած էր տարինե՜ր. անտարակո՛յս ինքն է, ըսի, ու անմիջապէս վերյիշեցի այն օրը,երբ տեսիլքով մը Հայաստանի անկախութեան հռչակման առիթով, ուրախութիւնս իր հետ բաժնած՝ «պա՛պ, անկախութիւն առինք», ըսի. իսկ այսօր՝ անմիջապէս զինք չճանչնալու մեղքս թեթեւցուցած՝ քանի՜-քա՜նի անգամ նկարը շոյելով՝ զիս տանջող նեղութիւնս իր հետ բաժնելու համար, չգիտցայ իրեն ի՞նչ ըսեմ. ըսե՞մ, որ Արցախը գնաց… Շուշին չկայ…: Չ՛է, գերեզմանին մէջ զինք ուրախացուցի, բայց գերեզմանին մէջ ալ զինք չեմ ուզեր նեղացնել… :
Ժամանակը բաւական անցած էր, երբ ցնցուած այս հոգեվիճակովս կ՛անդրադարնամ, որ մէկը դուռը թակեց. առանձին ըլլալու վախը մէկ կողմ դրած՝ կը բանամ. կաղանդ պապան էր. ուրախանալու փոխարէն՝ զարմացած երեսին կը նայիմ։ «Դո՞ւն. այս օրերուն ինծի նուէ՞ր բերած ես, տեղեա՞կ չես, որ աշխարով մէկ բոլո՛րս մեր 2020ի պատմական «մեծ նուէրը» ստացած ենք արդէն»,կ՛ըսեմ. ու պապանձած՝ երբ ոչինչ պատասխանեց, շարունակեցի, «Կրնա՞յ պատահիլ, որ տարիներու ընթացքին հոս-հոն, ասոր-անոր, սէր, օգնութիւն ու համերաշխութիւն բաշխած ըլլալուդ համար եկած ես գնահատանք ու արժեւորում փնտռելու… բայց ու՞ր է այդ բոլորէն մեզի ինկած բաժինը. ջարդ տեսանք ու ոչ ոք մեզի օգնութեան ձեռք երկարեց. այս մէկը երէկ էր, իսկ այսօր՝ դիմակդ մէկ կողմ դիր, ու տե՛ս, թէ ինչպէ՞ս Հայաստան աշխարհին մէջ նոյնը կը շարունակուի…: Տուած ու տակաւին տալիք քու ամէն մէկ խոստումդ կամ օգնութիւնդ շահարկուած սուտ է ու խաբկանք. ու լաւ գիտցիր, պիտի գայ այն օրը, երբ իւրաքանչիւր կարիքաւոր ու տկար մարդ, ինքնուրոյն բաւարարուելով ու զօրանալով, քեզի պէտք պիտի չունենայ այլեւս, աւելին՝ գոյութիւնդ անգամ պիտի մոռնայ», հազիւ ըսելու վրայ էի, երբ իր «հօ՜-հօ՜-հօ՜» ները բարձրացնելով խօսելու սկսաւ:
Զինք մտիկ ընելու անտրամադիր, մտածումներուս հետ առանձին մնալու սիրոյն, շըրը՜ըխ, տան դուռը երեսին գոցելով, հաւատացէ՛ք,ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ վռնտեցի…
Կեանքէն մեզի ինկած բախտին պէս, այս մէկն ալ չըլլալիք էր, բայց եղաւ…: