Ֆրանսայի եւ Հոլանտայի խորհրդարանի օրինակին հետեւելով՝ Պելճիքայի ներկայացուցիչներու տունը կը պատրաստուի ընդունելու բանաձեւ մը, որուն միջոցաւ կը դատապարտէ Արցախի հայ ազգաբնակչութեան դէմ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն աջակցութեամբ եւ օտար վարձկաններու մասնակցութեամբ սանձազերծուած ատրպէյճանական ռազմական յարձակումը: Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէն կանխամտածուած յարձակումները եւ քասեթային եւ ֆոսֆորային ռումբերու կիրառումը:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը եւ Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կ՛ողջունեն 2 Դեկտեմբերին Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձաժողովին կողմէն ընդունած բանաձեւը, որ յառաջիկային պիտի քննարկուի եւ ընդունուի խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին:
Բանաձեւը յստակօրէն կը պահանջէ, որ Ատրպէյճան եւ անոր սատարող թրքական ուժերը ու վարձկաններու զօրքերը դուրս գան Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն, որ նուաճուած է բռնի ուժի եւ բռնութեան գործադրումով:
Բանաձեւին նախաբանին մէջ խօսք կայ նաեւ Արցախի հայ ազգաբնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքին, ուժի չկիրառման մասին՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի հիմնարար սկզբունքներ, եւ կը շեշտուի, որ այդ սկզբունքները ոտնահարուած են Ատրպէյճանի կողմէն:
Որովհետեւ 9 Նոյեմբերին ստորագրուած յայտարարութեան մէջ չէ նշուած Արցախի կարգավիճակին մասին, Պելճիքայի խորհրդարանը կոչ կ՛ուղղէ երկրի կառավարութեան՝ աջակցելու ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի հովանիին տակ բանակցութիւններու անյապաղ վերսկսման, որ նպատակ ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակին մասին որոշում տալ, մասնաւորապէս նկատի ունենալով Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:
Լիագումար նիստին բանաձեւի ընդունումէն ետք, Պելճիքայի կառավարութիւնը հարց պիտի ունենայ պահանջելու Թուրքիայէն՝ դադրեցնել ռազմական միջամտութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան եւ անմիջապէս վերջ տալ Հարաւային Կովկասի մէջ իր ապակայունացնող դիրքորոշման: Թուրքիա պէտք է նաեւ դադրի խթանել սուրիացի վարձկաններու եւ ճիհատականներու տեղափոխումը եւ տեղակայումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ կազմակերպէ անոնց անյապաղ հեռացումը տարածաշրջանէն:
Ըստ բանաձեւին՝ Թուրքիոյ կողմէ որեւէ միջամտութիւն հրադադարի վարչակարգի պահպանումը դիտարկող առաքելութեան պիտի համարուի վտանգաւոր տեղւոյն բնակչութեան անվտանգութեան համար: Որեւէ նման առաքելութիւն պէտք է ստանձնէ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբը:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը եւ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կ՛ողջունեն այն փաստը, որ Պելճիքայի ներկայացուցիչներու տունը դիմած է կառավարութեան՝ եւրոպական գործընկերներու հետ ընել կարելի ամէն բան՝ նպաստելու համար Արցախի մէջ աւերուած կամ վնասուած շէնքերու վերակառուցման, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել Արցախի բնակչութեան եւ զոհեր ունեցած ու փախստական ընտանիքներուն:
Կառավարութիւնը կ՛աջակցի ԵՈՒՆԵՍՔՕին՝ ներկայիս ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող Արցախի տարբեր շրջանները ուղարկած առաքելութիւններուն՝ յանուն ճարտարապետական եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման:
Բանաձեւը նաեւ կ՛անդրադառնայ հրադադարէն ետք հայկական հասարակութեան համար կարեւորագոյն հարցի մը՝ գերիներու վերադարձին: Ներկայացուցիչներու տունը խստագոյնս կը դատապարտէ ռազմագերիներու սպանութեան փաստը եւ կը պահանջէ, որ պատերազմի յանցագործութիւններ իրականացնողները հետապնդուին եւ պատժուին:
Բանաձեւով կ՛առաջարկուի անյապաղ միջազգային դիտորդներ ուղարկել՝ ռազմական յանցագործութիւններուն՝ ռազմագերիներու խոշտանգումներուն եւ սպանութիւններուն մասին ապացոյցներ հաւաքելու նպատակով:
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը եւ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ուղղեցին Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի անդամներուն՝ ընդունելու բանաձեւը գալիք լիագումար նիստին ընթացքին եւ հաւաստիացուցին, որ հետամուտ պիտի ըլլան՝ քուէարկուած դրոյթները կառավարութեան կողմէ կարելի եղածին չափ արագ իրականացուելուն:
ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՊԵԼՃԻՔԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ