ՊԱՔՈՒ, «Ա.Էֆ.Փէ.».-Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց արցախեան վերջին պատերազմին ընթացքին կրած իր կորուստները: Նախարարութեան տուեալներուն համաձայն՝ պատերազմին ընթացքին սպաննուած են երկրի զինեալ ուժերու 2783 զինուորներ
Ըստ հաղորդագրութեան՝ ծիներու վերլուծման միջոցով կը շարունակուին աշխատանքները յաւելեալ 103 զինուորներու ինքնութիւնը հաստատելու ուղղութեամբ:
Նաեւ, 1245 զինուորներ կը շարունակեն բուժուիլ հիւանդանոցներու մէջ: