ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան լրատուամիջոցներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ, անկախ իր կարծիքէն, Նիկոլ Փաշինեան այս կամ այն ձեւով պիտի հեռանայ, այս մէկը անխուսափելի է, հարցը այն է, թէ մինչեւ երթալը որքա՛ն վնաս պիտի հասցնէ ժողովուրդին եւ պետութեան։
Ան յայտնեց, որ ժամանակաւոր կառավարութեան համար ընտրուած է 1 տարի ժամկէտ, որովհետեւ այժմ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելը անհեթեթութիւն է, որովհետեւ երկիրը կը գտնուի այնպիսի վիճակի մէջ, ուր կան հրատապ հարցեր, հոգեբանական ճնշում, կ՛աւենայ կուսակցութիւններուն` իրարու դէմ պայքարը, ինչ որ պիտի նշանակէ ուղղակի կործանել Հայաստանը:
Ան ընդգծեց, թէ պէտք է ուժեղ, պաշտպանուած պետութիւն ունենալ, որովհետեւ կարելի չէ թոյլ, ստորաքարշ, «պպզած» երկրի մը մէջ բարեկեցութիւն ստեղծել: «Մինչեւ երկիրն իր առջեւ չի դնում մեծ նպատակներ, չի հզօրանում, չի ապահովում իր պաշտպանութիւնը, այդպիսի երկրում բարեկեցութիւն լինել չի կարող», նշեց Վ. Մանուկեան՝ աւելցնելով, թէ իր կանխատեսումով` մօտակայ 2-3 տարիներուն ընթացքին կտրուկ փոփոխութիւններ պիտի արձանագրուին տարածաշրջանին մէջ:
Ըստ Մանուկեանի` հասարակութեան լայն շերտերը պէտք է քննարկումներու սկսին երկրի ապագային վերաբերեալ: Դիտարկման, թէ, թէեւ Մանուկեան կ՛ըսէ, որ պէտք է սկսիլ ապագայի տեսլականին վերաբերեալ քննարկումներու, բայց անոր համար նախ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է հեռանայ, իսկ ինք ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ Նիկոլ Փաշինեանի հեռացումը՝ Մանուկեան արձագանգեց?«Նիկոլ Փաշինեանից կարող ենք ազատուել հետեւեալ դէպքերում` ինքնակամ գնայ, որի հաւանականութիւնը քիչ եմ տեսնում, չնայած չեմ բացառում, երկրորդ` որ հասարակութիւնն այնքան համախմբուած է իր գնալու շուրջ, որ ինքը մի գուցէ չի գիտակցում, բայց իր կուսակիցներն են գիտակցում եւ իմպիչմենտի (պաշտօնանկութեան գործընթացի-Խմբ.) միջոցով նրան հեռացնում են պաշտօնից, դա էլ է հնարաւոր»: