Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
10 Նոյեմբերին լոյս աշխարհ եկած համաձայնագիրը, ամէնէն հպանցիկ ակնարկով իսկ, ցոյց կու տայ, որ անիկա լոկ զինադուլի՝ 27 Սեպտեմբերին պայթած պատերազմին դադարեցման քայլ չէ, այլ ունի միջազգային ծալքեր, որոնք ահաւասիկ կը քողազերծուին, թաքուն նոր երեսներ ի յայտ կու գան:
Շերտ առ շերտ ի յայտ եկող մանրամասնութիւնները՝ ճակատներու վերիվայրումներ, զինուորական, քաղաքական, ընկերային-տնտեսական եւ այլ, ամէն բանէ առաջ, կը հնչեցնեն անխուսափելի հրամայական մը. Հայաստան կը կանգնի իր կտրած ճամբան ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄԻ եւ ՎԵՐԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԻ հարկադրանքին դիմաց, եւ սա կը նշանակէ պարզ իշխանափոխութենէ շատ անդին սեւեռել մեր աչքերը: Այս մեկնակէտով ալ, Հայաստանի ղեկը ստանձնելու կոչուած որեւէ իշխանութիւն դէմ յանդիման կը գտնուի ազնիւ պատրականութեան մը` կազմել մեր առաջադրանքները, արդար իրաւունքները հետապնդելու հիմ ծառայող համապարփակ ծրագիր մը, որուն կենսագործման համար պէտք է ձեռքերը միացնեն ԲՈԼՈՐԸ՝ ԱՆԽՏԻՐ, Հայաստան, Արցախ եւ Սթիւռք(ներ). վերջ տրուի միագլուխ եւ ինքնագլուխ կառավարման վարքագիծին, որ, ինչպէս տեսանք, հայն ու իր հայրենիքը առաջնորդեց աղէտի:
Ներքին իրադրութեանց վերանայման կողքին, թերեւս անկէ ալ աւելի՛ կարեւոր է առարկայական մօտեցումով քննարկել արտաքին քաղաքական-յարաբերական վիճակը, որովհետեւ քիչեր կը կասկածին, որ ճակատին վրայ մարտչող եւ կեանքի գնով հայրենի հողը պաշտպանող զինուորը իր կողքին չունեցաւ քաղաքական-դիւանագիտական լիարժէք յենարանը: Պարզ եզրակացութիւնը այն է, որ աւելի քան 30 տարի, արիւնով ու քրտինքով շահուած հողն ու որոշ իրաւունքներ քանի մը օրուան մէջ կորուստի մատնուեցան՝ յիշեալ յենարանին տկարութեան հետեւանքով (սա անկախ` պատերազմին ու հետւանքներուն նախօրօք սարքուած ըլլալու վարկածէն): Եւ հիմա, էական հարցերէն մէկը այն է, որ «բանալի» նախարարներու հրաժարականները արդեօք պարզապէս բողո՞ք են ընդդէմ այն վիճակին, որուն մատնուեցանք, անկարողութեան խոստովանութի՞ւն, թէ անցած-դարձածին լիարժէքօրէն տեղեակ պահուած չըլլալու դէմ ընդվզում: Ինչ ալ որ ըլլայ պատասխանը, սլաքները դարձեալ ու դարձեալ կը բեւեռուին թիւ մէկ պատասխանատուին վրայ: (Իսկ թէ տկար թիւ մէկ մը ինչպիսի՛ թելերով պիտի կառավարուի, կառավարողները որքա՛ն ուրախ պիտի ըլլան նման պարտեալ գործակից մը ունենալով` երկար բացատրութեան չի կարօտիր):
ՄԵՂՐԻԻ «ԱՆՑՔ»Ը ՑՈՒՑԱՆԻՇ
Պատերազմին դադրեցումէն ետք, եղածին ետին նշմարուող միջազգային հիմնական գործօնները անմիջականօրէն ի յայտ եկան նոյնինքն ռուսական խաղաղապահ ուժերու Արցախ մուտքով, հայկական ուժերու բազմաթիւ չգրաւուած շրջաններէ քաշուելով կամ այդ ճամբուն առնուած նախաքայլերով, թրքական ուժերու Ազրպէյճան փոխադրութեամբ (յաւելեալ փաստեր՝ որ Թուրքիա գործնապէս գրաւած է Ազրպէյճանը…): Անդին, Արցախի սահմաններէն քիչ մը անդին, Մեղրիի վրայով դէպի Նախիջեւան Ազրպէյճանին անցքի իրաւունքը, որ նոյնքան մըն ալ իրաւունք կու տայ Թուրքիոյ՝ Նախիջեւանի վրայով Ազրպէյճան հասնելու, այլ ցուցանիշ է համաձայնագիրին միջազգային գիծերուն: Մեղրիի վերաբերող կէտը, որ խորքին մէջ ո՛չ մէկ ուղղակի աղերս ունի Արցախի սահմաններուն եւ տարածքին տեղի ունեցած ճակատումներուն հետ, կը մտրակահարէ այն կասկածն ու մեկնաբանութիւնները, թէ՝ 10 Նոյեմբերի դարձակէտը շատոնց կրակի վրայ դրուած ճաշ էր, շատ աւելի առաջ՝ քան այս կամ նախընթաց մեծ ու փոքր ճակատումները, մեզ կը հասցնէ մինչեւ 90ականներու սկիզբները, եւ ահա, Հայաստանի իշխանութիւնը իր ստորագրութեամբ կ՛որդեգրէ ծրագիր մը, որ տասնամեակներ շարունակ մերժուած, անոր իրագործումը կանխարգիլուած էր նախորդ իշխանութիւններուն օրով: Համաձայնագիրին մէջ այս կէտին ներկայութիւնը, խորքին մէջ, ո՛չ մէկ տեղ կը թողու, որ արցախեան հողերու կորուստին չափ ծանր վնաս մը կրած ենք նաեւ շրջանային զարգացումներու մակարդակին վրայ: Իսկ թէ մեզմէ ի՞նչ կը սպասուի, այս տեսակի կորստաբեր ուղեգիծեր բարեշրջելու համար, ինքնին լրջօրէն քննարկելի հարց է (եւ մենք մեզի տանք իրաւունքը ըսելու, որ ամէն բան կորսուած պէտք չէ նկատել` հակառակ մութ իրականութեան):
Սա յաւելեան պատճառ է, թէ ճշմարտութեանց յայտնաբերումը ինչո՛ւ պէտք է կատարուի լուրջ քննարկումով, առաւելաբար լուսարձակներէ հեռու, հրաժարելով «դիմատետրային», «սելֆի-ական» ու նման «մշակոյթներէ» (ուրիշներ ալ այդպէս ՛՚ընեն-ը արդարացում չէ), այլ հիմնուելով ՓԱՍՏԵՐՈՒՆ վրայ:
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ
Վերջին օրերուն նոր թափ եւ հուն ստացած` դիւանագիտական եւ միջ-պետական շարժումները եւս լուսարձակի տակ կը բերեն տագնապին միջազգային երեսները, նոր իմաստ տալով պատերազմին ընկերացած շարժումներուն: Մէկ կողմէ՝ թրքական եռուզեռը, միւս կողմէ՝ Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետին այցելութիւններն ու հաղորդակցութիւնները, այլ գիծերու վրայ` արեւմտեան աշխարհին մէջ հարցին անմիջական առնչակիցներուն եւ հետեւողներուն հետ հաղորդակցութիւնները ցուցանիշ են մեր ակնարկած հորիզոններուն:
Յաջորդ փուլը եթէ պիտի ըլլայ Արցախի կարգավիճակին յստակացման, զինուորական ընդհանուր պատկերին վերադասաւորման (իրողութիւնները ցոյց կու տան, որ Ազրպէյճան արդէն յառաջ անցած է) եւ Հայաստանի ակնկալած` ապահովութեան երաշխիքներուն ամրագրման շրջանը, սա կը նշանակէ, որ հայկական դիւանագիտութիւնը հսկայական աշխատանքի եւ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի, կը կարօտի արմատական վերաշխուժացումի:
Թէ՛ անցեալին, թէ՛ այս պատերազմին, ո՛չ ոքի համար գաղտնիք է, որ հայկական կողմը նիւթական-զինուորական գետիններու վրայ թշնամիին համաչափ կարողութիւն չունէր (Թուրքիոյ ուժական «յաւելումը» աւելի շեշտեց այս իրականութիւնը), սակայն մեր նո՛յնքան կենսական յենարանը եղած էր – վաղն ալ պէտք է ըլլայ – դիւանագիտական բազուկը՝ իր բոլոր կարողականութիւններով:
Առաջին հրամայականը այն է, որ հայկական կողմը պէտք է իր մարտավարութիւնը հիմնէ Արցախի պատկանելիութեան «հանգոյց»ը պարզաբանելու եւ անոր հիմամբ պահանջներ եւ իրաւունք հետապնդելու ուղղութեամբ: Մէկ կողմէ կայ այն, որ եռակողմանի համաձայնութիւնը կը վայելէ Մինսքի բոլոր անդամներուն համամտութիւնը, սակայն միւս կողմէ, անոր անդամները հոս-հոն կը խօսին տարբեր լեզուներով: Օրինակ, Ֆրանսայի կեցուածքին մէջ կան ուրիշներէ տարբեր գիծեր:
Չենք անտեսեր, որ ճակատագրակիցներ եւս մատնուած են մեր վիճակին: Ահաւասիկ 30 տարի անցած է այս տագնապին պայթումէն ասդին, եւ սակայն, մեր դիւանագիտութիւնը չէ յաջողած աշխարհին, մասնաւորաբար հաշտարար միջնորդներուն փաստացի կերպով ցոյց տալ, որ Արցախը ԱՆՎԻՃԵԼԻՕՐԷՆ հայկական հող է (չենք անտեսեր շահակցական մօտեցումով կոյր ձեւացողներու իրականութիւնը): Բանակցութեանց ընթացքին, առաւելաբար կը գործածուին «Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանում», «Արցախը Ազրպէյճանին կը պատկանի, գրաւուած է հայկական ուժերու կողմէ, հայկական ուժերը պէտք է քաշուին» եւ նման տեսակէտներ: Մինչեւ իսկ հայ իշխանաւորներ երբեմն կը խօսին՝ «գրաւեալ հողեր» եզրը գործածելով, մէկդի դնելով «ազատագրեալ» եզրը: (Չէ՞ որ մեր պատմական հողերն ալ երբեմն կը բնութագրուին իբրեւ «Թուրքիոյ արեւելեան շրջան», մինչդեռ անոնք կը կոչուին Արեւմտեան Հայաստան…):
Ամբողջական լայնքով ու երկայնքով պէտք է բանալ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿ ըլլալու եւ ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃԻՐՆԵՐ գործած ըլլալու թղթածրարը: Պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, արդարօրէն աղաղակեցինք, որ ոճրածին ահաբեկիչներ Թուրքիոյ կողմէ կը բերուին ռազմաճակատ, Ազրպէյճան գործածեց տարանջատուող եւ այլ արգիլեան ռումբեր, զէնքեր, անտառներ եւ բնակավայրեր հրկիզեց, գործածելով ֆոսֆորային զէնքեր…: Հիմա, մէկ օրէն միւսը, այդ բոլորին մասին լռութիւն կը տիրէ: Պատերազմի օրերուն, չյաջողեցանք նաեւ միջազգային մամուլը ըստ բաւականին ներգրաւել մեր կողքին: Արդեօք այս լռութի՞ւնն ալ պարտադրուած է համաձայնագիրին մէկ թագուն պայմանով…
Աւելին: Մեր դիւանագիտութիւնը այլեւս իրաւունք չունի իր տեսադաշտը սահմանափակելու լոկ մեր անմիջական հողատարածքներուն մէջ-շուրջը: Մենք շատոնց պէտք է տեսած ըլլայինք (այս մասին բազմիցս ահազանգեր հնչած են եւ մնացած՝ անարձագանգ), թէ Թուրքիա ինչպիսի՛ տարողութեամբ եւ տարբեր ոլորտներու մէջ (զինական, քաղաքական, քարոզչական…) արշաւներու սկսած էր աւելի քան տասնամեակ մը առաջ: Աւելորդ է աշխարհագրական շրջաններու թւումը:
Անցեալի մասին աւաղելը այսօր շօշափելի օգուտ չի բերեր, մանաւանդ կարելի չէ մտահան ընել հայկական կողմի ստորագրութեամբ ստեղծուած անընդունելի բայց կատարուած իրողութեան կացութիւնը. սակայն եւ այնպէս, մեր ամբողջ կարողականութիւնը պէտք է լծենք գալիք ուղին լուսաւորելու: Փաստօրէն, Թուրքիա եթէ շահակցական եւ ռազմաքաղաքական կալուածներու մէջ կը թուի իրողապէս ամուր կապեր ունենալ, ունեցած կապերն ալ կ՛ամրապնդէ դաշնակիցներու եւ նախկին հակառակորդներու հետ, միաժամանակ ակներեւ է, որ թրքական գործօնը ԲՈԼՈՐԻՆ մօտ (արաբական աշխարհ, եւրոպական երկիրներ, մինչեւ իսկ Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Իրան, Չինաստան եւ այլն) ստեղծած է կասկածանքի եւ մտավախութեան ալիքներ: Այսօր, շա՛տ աւելի յստակ են այն կապերը, որոնք կան ծայրայեղական զինեալ խմբակցութիւններու եւ Թուրքիոյ իշխանական դասուն միջեւ: Սուրիայէն, Իրաքէն, Լիպիայէն եւ արաբական այլ երկիրներէ ետք, այդ պատուհասը հասաւ Կովկաս, անպայման որ պիտի բախէ Իրանի եւ Ռուսիոյ դուռները: Եւրոպական աշխարհին մէջ, սկսած են կասկածները փարատիլ (մենք կոչուած ենք յետին կասկածներն անգամ փարատելու), թէ «Գորշ գայլեր»ը ուրկէ՛ եկած են, ի՛նչ նպատակներ կը հետապնդեն: Ուրեմն, ինչո՞ւ չփորձենք բարձրանալ միջազգային քաղաքական խաղերու մակարդակին, մեր հեռանակարներուն եւ մարտավարութեան մէջ չդնենք բոլոր վնասուողներուն հետ նոր որակի գործակցութեան, Թուրքիան ետ մղելու եւ ի հարկին կազմաքանդելու նպատակակէտը: Սփիւռքի տարածքին, Հայ Դատի նման կառոյցներ այս աշխատանքին լծուած են եւ որոշ յաջողութիւն յառաջ բրած՝ տարիներէ ի վեր:
Կարելի չէ հանգիստ քուն մտնել, մտածելով, որ ծանրագոյնը արդէն մեր ետին է, կրնանք վերադառնալ առօրեայ օրակարգերու: Եթէ իշխանութիւնը չտեսնէ, թէ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան այս պատերազմին վախճանը կը նկատեն միայն մէկ մասը՝ իրենց ամբողջական ծրագիրին, անոնք վաղն իսկ, կամ մօտիկ-հեռու ապագային, դարձեալ պիտի վերականգնեն «եաթաղանի քաղաքականութիւն»ը, եւ մենք իրաւունք չունինք կակուղ բազմոցներ փնտռելու այնպէս՝ ինչպէս եղաւ 27 Սեպտեմբերէն առաջ: Սա կ՛ենթադրէ հայկական դիւանագիտութիւնը լիարժէք ու համակարգեալ գործի լծել՝ կարելի բոլոր ուղղութիւններով եւ մակարդակներով, յարաճուն սաստկութեամբ, պետութիւններու եւ մամուլին գլուխները մրճահարելու լայնածիր ծրագիրով:
ԱՅԼ ՄԱՐԶԵՐ
Եթէ առաջնահերթ կարեւորութեամբ կը շեշտենք դիւանագիտական-յարաբերական աշխատանքի դաշտը, սա չի նշանակեր, որ այլ մարզեր երկրորդական են:
Հայաստանի յառաջիկայ իշխանութեան օրակարգը բաւական ծանր է: Գաղթականներու տագնապին կողքին, կան զինուժի այժմէականացման, ի հարկին՝ սեփական միջոցներով արդիականացման հրամայականները, վերակազմակերպումը: Հոս եւս, փորձ ու գիտելիք ունեցողներ առանց խտրութեան ու կողմնակի հաշիւներու հաւաքագրելը կենսական է:
Կարելի է երկար ցանկեր կազմել՝ յաջորդ իշխանութեան դիմաց գտնուող օրակարգի հարցերով: Կան դրամին կայունացումի անհրաժեշտութիւնը, Պսակաւոր ժահրի (վերջերս դարձեալ վտանգաւոր դարձած) հետեւանքներուն զսպումը, ապրուստի հաւանական տագնապներու կանխարգիլումը, շինարարութիւն եւ յարակից տագնապներ…: Կան, կան, կան…
Այս բոլորին կողքին, Հայաստանի, հետեւաբար նաեւ Արցախի մէջ պէտք է ղեկին գլուխը նստեցնել ատակ, կարող, հայրենասէր եւ էական իրաւունքներէ զիջում չկատարող մարդիկ, որոնք պիտի գործեն ԱՆՇԱՀԱԽՆԴԻՐ կերպով. մէկդի պիտի նետենք «կառավարական պաշտօնները հանգիստ վիճակ եւ հարստութիւն ապահովելու կը ծառայեն», «պաշտօնատարները պէտք է նաեւ պարգեւավճարներ ստանան» տրամաբանութիւնը (հիմա կը տեսնե՞նք, թէ սա կաշառակերութիւնը պաշտօնականացնող «ազնիւ» ձեւ մըն է եղեր պարզապէս) եւ վերասահմանենք պետական ամբողջ մտածողութիւնը:
Նման լիարժէք գործ կրնա՞յ երաշխաւորել ամէն յաջողութիւն, վերականգնել կորուստը (խօսքը կեանքերուն չի վերաբերիր) եւ մեզ դնել մեր նորակորոյս եւ աւելի հին իրաւունքներու հետապնդման ճամբուն մէջ: Պատասխանը գտնելու համար, պէտք է տեսնենք, թէ որքա՜ն բան կախուած է ԱԶԳԱՅԻՆ մեկնակէտով եւ աշխարհը իր դրական եւ բացասական երեսներով ճիշդ «կարդալու» մեր կարողութենէն, բացասական ալիքները չէզոքացնելու եւ դրականներէն օգտուելու մեր ունակութենէն:
18-22 Նոյեմբեր 2020