ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Դատապարտելով Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի նորագոյն խախտումները՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շաբաթավերջին կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն, որ անմիջապէս կասեցնեն Պաքուի տրամադրուող ռազմական բոլոր օժանդակութիւնները եւ թրքաատրպէյճանական յարձակումներէն տուժած Արցախի հայութեան կարիքներուն հասնելու համար, 250 միլիոն տոլարի անմիջական աջակցութիւն յատկացելու։
Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ զինադադարի նորագոյն խախտումը կատարուած է ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան սպառնացող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի արտառոց յայտարարութենէն մէկ օր ետք միայն եւ կը նշուի, թէ Ալիեւ ծաղրանքով մօտեցած էր երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով Շաբաթ օր Պաքու այցելած ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն ջանքերուն։
Հայ Դատի յայտարարութեան մէջ կոչ կ՛ըլլայ նաեւ արագացնելու գերիներու փոխանակումը, կասեցնելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին զէնքերու վաճառքները, ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, պատժամիջոցներ որդեգրելու Ալիեւի եւ Էրտողանի դէմ եւ հետապնդելու Ատրպէյճանի պատերազմական ոճիրները։
Այս առիթով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանի կատարած կոչը կարելի է դիտել www.youtube.com/watch?v=AVWTv6xqR3k
կայքէջին վրայ։
Այս նպատակով քոնկրեսականներուն դիմելու համար այցելել anca.org/alert կայքէջը։