ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի տարածքը միջազգային իրաւունքի տեսակետէն Ատրպէյճանի մէկ մասը կը հանդիսանայ, 17 Դեկտեմբերին ըսաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, իր տարեկան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Նշելով, որ նոյնիսկ Հայաստան չէ ճանաչցած Արցախի անկախութիւնը եւ նկատի ունենալով այդ հանգամանքը, միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն անիկա Ատրպէյճանի մէկ մասը կը նկատուի:
Այնուամենայնիւ, նախագահը շեշտեց, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը պէտք է որոշուի ապագային, հակառակ անոր, որ Պաքու եւ Անգարա կը յայտարարեն, որ օրակարգի վրայ չկայ Արցախի կարգավիճակի հարցը:
Փութին նաեւ հաւանական համարեց Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու թիւին բարձրացումը՝ նշելով, թէ անոր համար անհրաժեշտ է բոլոր կողմերուն համաձայնութիւնը:
Ան կոչ ըրաւ Արցախի մէջ զինադադարի խախտումները չկրկնելու, Հադրութի մէջ տեղի ունեցած վերջին խախտումը «եզակի» որակելով։ «Յոյս ունիքն, որ այդպէս ալ կը մնայ», աւելցոց Փութին: