ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան հերքեց տարածուած այն լուրերը, ըստ որոնց իբր թէ Ատրպէյճանի 12,024 քաղաքացիներ պիտի բնակեցուին Ստեփանակերտի մէջ։
Ան հաստատեց, որ այդ լուրերը բացարձակ յիմարութիւն են, ատրպէյճանական քարոզչամեքենան զանոնք դիտաւորեալ կերպով կը տարածէ՝ մեր հանրութեան շրջանին մէջ այս օրերու լարուած տրամադրութիւնները աւելի սաստկացնելու համար:
Միւս կողմէ, Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մեկնաբանելով ռուսական «Կոմերսանտ» թերթին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչի մեկնաբանութիւնը այն մասին՝ իբր թէ «հայկական ուժերը պէտք է դուրս բերուին Ղարաբաղէն»՝ յայտնեց. «Հայկական ուժերն Արցախից դուրս բերելու մասին ադրբեջանական կողմի պնդումները նպատակ ունեն աղաւաղել Նոյեմբերի 9ի հրադադարի մասին եռակողմ յայտարարութիւնը եւ շարունակութիւնն են վերջին շրջանում այդ երկրի զինուած ուժերի կողմից ձեռնարկուող սադրիչ գործողութիւնների, որոնց նպատակն է խաթարել Ռուսաստանի միջնորդական ջանքերն ու խաղաղապահ առաքելութիւնը»։
Նախարարութիւնը հաստատեց, որ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը եղած է, է եւ պիտի ըլլայ Արցախի պետականութեան ու անոր ժողովուրդի անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորը: 10 Նոյեմբերին Ռուսիոյ միջնորդութեամբ հրադադարի հաստատումէն ետք Արցախի պաշտպանութեան բանակը ռուսական խաղաղապահ ուժերուն հետ կը շարունակէ հակամարտութեան գօտիին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման ուղղուած իր առաքելութիւնը: