ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ի՞նչ տարբերութիւն աջին ու ձախին միջեւ: Մարդու կեանքին մէջ երբ դժբախտութիւն պատահի եւ անձ մը յանկարծ կորսնցնէ իր ձեռքերէն մին, ճիշդ է, աջին ու ձախին միջեւ տարբերութիւն չի տեսներ այլեւս. իրեն մնացած այդ մէկը արդէն թէ՛ աջ եւ թէ ձախ կը դառնայ: Եթէ մինչեւ հիմա աջ ձեռքով կը գրէր ան, ստիպողաբար կը սորվի ձախով գրել, իսկ սկզբնապէս անոր անընթեռնելի ձեռագիրը հետզհետէ կը կոկուի եւ կը դառնայ ընդունելի: Ուրեմն, իր ձեռքերէն միայն մէկը կորսնցնողը ամբողջ սրտով հազար փառք կու տայ Աստուծոյ, որ փրկուեցաւ աւելի դառն իրավիճակէ եւ գէթ իրեն մնացած միւս ձեռքին օժանդակութեամբ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ շարունակել կեանքի ճամբան:
Այս յիշեցումը անոնց համար է միայն, որոնք մոռցած են կամ ընդհանրապէս չեն անդրադարձած Աստուծոյ կատարած բարիքներուն: Ֆիզիքական առողջութիւնը, մեր զգայարանքներուն անթերի գործունէութիւնը, մինչեւ իսկ համի ու հոտի զգացողութեան բնականոն վիճակը Աստուծոյ գոհութիւն յայտնելու առիթներ են գիտակից մարդոց համար:
Ֆիզիքական զգայարանքներուն մէջ տարբերութիւն դնելը ինքնին սխալ է, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր դերակատարութեամբ առնչուած է միւսին, կազմելով սքանչելի համադրութիւն մը, մեքենական աշխարհ մը, որուն ինքնիշխան թագաւորը տուեալ անձն է: Այնպէս ինչպէս իւրաքանչիւր համակարգի մէջ գործավարները կամ աշխատանքները դասաւորող մարդիկը ամէնէն աշխոյժ պաշտօնները կ՛ըլլան, նոյնպէս ալ, գործնական աշխատանքները աւարտելու բնագաւառին մէջ «գործ վերջացնող» ամէնէն արագաշարժ մասերը մարդկային ձեռքերն են:
Կենդանական աշխարհը ուսումնասիրողներ, որոնք ամիսներով կը հետեւին իւրաքանչիւր կենդանատեսակի եւ յաճախ զարմանահրաշ տեսերիզներ կը ներկայացնեն մարդկութեան, կը ցուցադրեն այն «դժուարութիւն»ները, զորս կենդանիները կ՛ունենան, մարդկային ձեռքերուն նման ճկուն եւ արդիւնաւէտ ձեռքեր չունենալնուն պատճառաւ: Իրենց ճանկերուն ու ճիրաններուն օժանդակութեամբ կամ թաթերուն ու ատամներուն միջեւ իրենց ուտելիքը սեղմելով տանջուող կենդանիները եթէ իմացականութիւն ունենային, որքա՜ն պիտի նախանձէին մարդ էակին, անոր նուրբ, ամենաճկուն եւ ամենագործ մատներ ունենալուն համար:
Արարիչը իւրաքանչիւր էակ տարբեր կարողութիւններով ստեղծած է: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի առաւելութիւն մը, որ միւսին քով կրնայ չգտնուիլ: Մարդկային եւ կենդանական աշխարհները երկուքն ալ շնչող էակներ ըլլալով հանդերձ, հսկայ տարբերութիւններ ունին իրարմէ: Նոյնիսկ գոյատեւելու պայքարը մէկուն քով գիտակից է, միւսին՝ անգիտակից, որովհետեւ բանականութիւնը հիմնական պատճառն է անոնց իրարմէ տարբեր ըլլալուն:
Աջ ու ձախ ձեռքերը բնական է, որ նոյն մարմինին վրայ կը գտնուին: Մարզանքի եւ գործի ասպարէզին մէջ երբ անոնք լայն բացուելով կը հեռանան իրարմէ, այդ չի նշանակեր, որ կը պոկուին նոյն մարմնէն: Պարզապէս մասնաւոր պահուան մէջ երբեմն իրարմէ տարբեր դերեր կը ստանձնեն, սակայն մնալով նոյն մարմինը ղեկավարող հրահանգին ենթակայ:
Յիսուսի մտածողութեան մէջ բարոյական բարձր դերակատարութեամբ կը ներկայանան մարդկային ձեռքերը: Ուրիշին օժանդակելու կամ լաւ եւս ըմբռնուած բարեգործութեան գաղափարը գործնապէս զարգացնելով՝ Յիսուս իր սիրոյ վարդապետութեան ամբողջ զօրութեամբ կը թելադրէ օգնել զրկեալին, անկեալին մէկ խօսքով կարիքաւորին:
Մարդասիրական նման վեհ գործերու գաղտնիութիւնը դարձեալ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Յիսուսի համար: Ան իր հետեւորդներուն կը յորդորէ բացարձակ ծածուկ կատարել ուրիշին մատուցուած բարիքը: Այս գաղտնիութեան իբրեւ օրինակ կու տայ «աջ ձեռքին կատարածը ձախը չգիտնայ» պատկերը: Յիսուսի ըսածը պատկերաւոր օրինակ մըն է պարզապէս, որովհետեւ մենք բոլորս ալ գիտենք մեր ձեռքերուն անմիջապէս իրարու քով գալու հնաւորութիւնը: Անոնք շատ արագ կրնան մօտենալ իրարու ոչ միայն ծափ զարնելու պարագային, այլեւ ամէն ատեն երբ մեր ուղեղը հրահանգէ անոնց՝ մօտենալ կամ միանալ իրարու: Ուրեմն, այսքան մօտիկ եւ «հարազատ» ձեռքերուն միջեւ գաղտնիք պահելը քիչ մը դժուար աշխատանք է:
Բարեգործութեան այս սրբազան գործին նուիրականութիւնը շեշտող գերազանց պատուէր է Յիսուսի կատարածը: Ոմանք սովորութիւն ունին իրենց կատարած դոյզն բարիքին համար ճառեր արտասանել, նոյնիսկ սին քարոզչութիւն կատարել, խոշորացոյցի ոսպնեակին տակ մրջիւնը իբրեւ փիղ ներկայացնելու յիմար շարժումներով:
Վերոյիշեալ երկնատուր պատգամին հատուցումը շատ աւելի գեղեցիկ ու ճոխ է անշուշտ, քան ուրիշին կատարուած օժանդակութեան կամ բարիքին քանակը: Փոխադարձ յարգանքի արտայայտութիւն եղող նուէրներու փոխանակումները ոչ մէկ նշանակութիւն ունին քրիստոնէական վարդապետութեան պրիսմակէն դիտած: Անոնք պարզապէս զիրար մեծարելու արարքներ են, միշտ ակնկալիքով համեմուած ու սպասողական վիճակով պայմանաւորուած: Սակայն նոյն վարդապետութեան երկնուսոյց տողերով, բարիքը պէտք է ընել անոնց, որոնք քեզի փոխադարձելու հնարաւորութիւն կամ կարողութիւն չունին:
– Աստուած ձախ ձեռքիդ մէջ կը տեղացնէ իր բարիքները:
Այսպէս կ՛ըսէր խոհուն ծերունին, երբ մէկը Աստուծմէ խնդրանք մը ունենար, վստահեցնելով զայն, որ եթէ ինք աջ ձեռքով տայ, Աստուած ալ իր ձախ ձեռքը պիտի լեցնէ օրհնութիւններով:
Ահա ժողովրդային իմաստութենէն տող մը, զոր ծերունի բարեկամս այնքան հաւատքով կÿարտասանէր: Անոր աչքերուն մէջ երկնքի ճամբան կը գծուէր յաճախ, որուն ցուցանակին վրայ գրուած էր նոյն այս տողը՝ «աջով տո՛ւր, որ ձախով առնես»:
Մարդկային ձեռքերուն դերակատարութեան վրայ աւելցան նաեւ ասոնք: Աջը՝ գաղտնապահութեամբ բարեգործութիւն կատարելու իր ծանօթ պաշտօնը պիտի շարունակէ, իսկ ձախը՝ դարձեալ ծածկաբար Աստուծոյ օրհնութիւնները ստանալու հաճոյքը պիտի վայելէ…։
Մարդիկ ընդհանրապէս յատուկ առիթներով կը յիշեն կարիքաւորները: Սակայն, դարձեալ Յիսուսի վարդապետութեան բառերով՝ աղքատները միշտ մեզի հետ են, ամէնօրեայ դրութեամբ մեր կողքին են անոնք: Աջ ձեռքով ծածկաբար կատարուելիք բարեգործութիւնը սովորութեան վերածելու բարոյական օրէնքին հետեւելու պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուի յատկապէս քրիստոնեայ մարդը:
Տօնական օրերը չեն միայն, որոնք մեզի կը յիշեցնեն մեր ուրախ ու երջանիկ ըլլալը: Յաճախ շատ ուրիշ առիթներով երջանկութեան զգացումը կ՛ունենանք, առանց յիշելու, որ նոյն պահուն տառապող ու թշուառ մարդիկ կան: Ուրեմն, այնպէս ինչպէս մեր աջ ու ձախ ձեռքերը նոյն մարմինին անդամներն են, նոյնպէս ալ մեր զգացած երջանկութեան վարագոյրին ետին պէտք է տեսնենք կարիքաւորները, աջ ձեռքով օգնութեան հասնելու անոնց, որպէսզի ձախով ընկալենք այն, ինչը Աստուած մեզի համար նախատեսած է իբրեւ վարձատրութիւն: