ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագիրներով Կարէն Դանիէլեան նշանակուեցաւ Արցախի արդարադատութեան նախարար` զերծ մնալով նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնէն:
Ժիրայր Միրզոյեան զերծ կացուցուեցաւ Արցախի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարի պաշտօնէն: Հայկ Խանումեան նշանակուեցաւ Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար:
Այլ հրամանագիրով մը` Արթուր Պետրոսեան դադրեցաւ Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ ըլլալէ` իր դիմումին համաձայն: