ԵՐԵՒԱՆ.- 18 Դեկտեմբերին, Գարեգին Նժդեհի հրապարակէն մեկնարկեց ջահերով երթ դէպի Եռաբլուր պանթէոն` ոգեկոչելու Արցախեան պատերազմի հերոսներուն յիշատակը:
Բազմահազար մասնակցողները առաջնորդեցին հոգեւորականները: Երթին ամբողջ ընթացքին բարձրախօսներէն յայտարարուեցան վերջին պատերազմին նահատակուած հայորդիներուն անունները:
Եռաբլուրի մէջ, նախքան հոգեհանգիստի արարողութիւնը, երթին մասնակցողները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը: Արարողութեան աւարտին քաղաքացիները իրենց բերած մոմերը զետեղեցին զոհուած զինուորներուն, կամաւորներուն եւ ազատամարտիկներուն շիրմներուն վրայ:
Միւս կողմէ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի իրաւական յանձնախումբը յայտարարութեամբ մը յայտնեց, որ իշխանութիւնը զաւթած դաւաճանական վարչակարգը` Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, կը յանձնէ նաեւ այն տարածքները, որոնց մասին որեւէ խօսք չկար 9 Նոյեմբերի տխրահռչակ փաստաթուղթին մէջ: «Դաւաճանի կողմից Կուպաթլիի եւ Զանգելանի նախկին շրջանների ամբողջական յանձնումը, որը ակնյայտ դուրս է յանձնուողական համաձայնագիրի ստանձնած պարտաւորութիւնների շրջանակից, վկայում է, որ այս դաւաճանական վարչակարգը փորձում է ոչ միայն խայտառակ ձեւով մէկընդմիշտ փակել Արցախի հարցը, այլեւ կախուածութեան մէջ դնել Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը Ատրպէյճանի քմահաճոյքից՝ յանձնելով Զանգելանի եւ Կուպաթլիի նախկին շրջաններից մնացած հատուածները, որոնք Սիւնիքի անվտանգութեան երաշխիքներ էին, մինչդեռ նման պահանջ անգամ նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ չկար», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ՝ հաստատելով, որ ասիկա պետական դաւաճանութեան բացայայտ դրսեւորում կը հանդիսանայ։