ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբերին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի եւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի։
Առաւել քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու յատկապէս Արցախի պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն Արցախի ու Հայաստաանի մէջ՝ քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական մարզերէն ներս։
Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան Սփիւռքի գաղութներուն եւ մասնաւորաբար Լիբանանի հայութեան հետ աղերս ունեցող մտահոգութիւններ ու ծրագիրներ։