ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 18 Դեկտեմբերին Կապանի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ Կապանի քաղաքապետ Գէորգ Փարսեանի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեանի հանդիպումը:
Քննարկուեցան Սիւնիքի մարզին, մասնաւորապէս` Կապան քաղաքին եւ յարակից գիւղերուն մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող շարք մը հարցեր:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը Կապանի քաղաքային իշխանութեան իր աջակցութիւնը յայտնեց նոր սահմաններու պաշտպանութեան մէջ:
Սիմոն Սիմոնեան յայտնեց, որ հանդիպումին նպատակն էր աւելի մօտէն ծանօթանալ Սիւնիքի, Կապանի եւ քաղաքի յարակից գիւղերուն մէջ ստեղծուած իրավիճակին: «Մեր կամաւորական ջոկատները մինչեւ սահմանային փոփոխութիւնները կը պաշտպանէին Սիւնիքի դիրքերը: Դաշնակցութեան ջոկատները այսօր ալ իրենց բարոյական եւ ֆիզիքական աջակցութիւնը կը յայտնեն նոր սահմաններու պաշտպանութեան գործին մէջ, մեր տղաքը պատրաստակամ են պաշտպանելու իրենց հայրենիքը», ըսաւ Սիմոնեան։