ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Երեւանի պետական համալսարանի կարգ մը բաժանմունքներ՝ Աստուածաբանութեան, Արեւելագիտութեան, Եւրոպական լեզուներու եւ հաղորդակցութեան, Իրաւագիտութեան, Հայ բանասիրութեան, Միջազգային յարաբերութիւններու, Տնտեսագիտութեան եւ կառավարման, Պատմութեան, Քիմիագիտութեան, Հայագիտական հետազօտութիւններու, Դեղագործութեան, Եւրոպական ուսումնասիրութիւններու, Աշխարհագրութեան եւ երկրաբանութեան, յայտարարեցին, որ պիտի միանան 22 Դեկտեմբերի համազգային անհնազանդութեան նախաձեռնութիւններուն։
«Հիմք ընդունելով Երեւանի պետական համալսարանի գիտական խորհրդի 2020թ. Նոյեմբերի 20ի յայտարարութիւնը` վերահաստատում ենք մեր պահանջը Հայաստանի վարչապետի եւ կառավարութեան անյապաղ հրաժարականի մասին եւ միանում ենք 2020թ. Դեկտեմբերի 22ի համազգային անհնազանդութեան միջոցառումներին», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։