ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հայութիւնը շատ կանուխէն մեծ կարեւորութիւն տուած է Երեւանի ազատագրութեան: Իսրայէլ Օրի այդ ուղղութեամբ աշխատանք տարած է Ռուսիոյ մէջ՝ 1701ին:
Մեծն Պետրոս ցարը 1722ին կը նախապատրաստուի Երեւանի վրայ արշաւանքի, սակայն կէս ճամբէն վերադարձ կը կատարէ, յուսախաբ ընելով հայերն ու Վրաստանի Վախտանգ թագաւորը: 18րդ դարու հայ ազատագրական շարժման մէջ ալ մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայուի Երեւանին: 1778ին Վենետիկ տպագրուած Հայաստանի քարտէսին վրայ Երեւանը որպէս մայրաքաղաք ներկայացուած է:
1780ին ռուսական բանակը անգամ մը եւս կը պատրաստուի Երեւանի վրայ արշաւանքի, որուն նպատակներէն մէկը, իբրեւ թէ, հայկական պետականութեան վերականգնումն էր, սակայն կրկին տեղի չ՛ունենար արշաւանքը:
1804ին, Վրաստանի կառավարիչը Երեւանի խանին վերջնագիր ուղարկելով կը պահանջէ, որ մտնէ ռուսական կայսրութեան մէջ, պահելով հանդերձ խանութեան իր իրաւունքները: Արդարեւ, Երեւանի խաները Պարսկաստանի կապուած ըլլալով հանդերձ, ունէին տուրքեր գանձելու իրաւունքները, ինքնավարութիւն եւ որոշումի անկախութիւն: Խանը կը մերժէ ռուսական պահանջը եւ անհրաժեշտ պարէնով կը քաշուի բերդը: Նոյն տարուան Մայիսին, ռուսական բանակ մը կ՛արշաւէ Երեւանի խանութեան վրայ, քանի մը ճակատամարտերու մէջ կը յաղթէ թուապէս գերազանց ուժերուն, կը պաշարէ բերդը, բայց չի յաջողիր գրաւել: Ռուսական բանակը ետ կը քաշուի ու կը վերադառնայ Վրաստան:
1805ին ռուսական հպատակութիւն կ՛ընդունի Ղարաբաղի (Արցախի) խանութիւնը: Ռուսիոյ կը միացուին նաեւ Կապանի, Գորիսի եւ Սիսեանի շրջանները: Ռուսերու Երեւանին տիրանալու ախորժակները աւելի կը սրին:
1808ի Սեպտեմբերին, ռուսական բանակը կրկին կ՛արշաւէ Երեւանի վրայ: Ճամբու ընթացքին խանական բանակը ջախջախելով, ռուսական բանակը կը հասնի բերդին դիմաց: Բանակը անմիջապէս չի յարձակիր բերդին վրայ, ջանալով բանակցութիւններով անձնատուութիւն ձեռք բերել: 17 Նոյեմբերին կատարուած յարձակումը կը ձախողի եւ ռուսական բանակը կրկին կը հեռանայ:
Երեւանի վրայ ռուսական երրորդ արշաւանքը կը սկսի 1827ի սկիզբը: Հայերու օժանդակութեամբ, ռուսական բանակը նախ կը գրաւէ Էջմիածինը, ապա քանի մը բախումներէ ետք, կը պաշարէ բերդը եւ 25 Սեպտեմբերին կը սկսի բերդի շարունակական ռմբակոծութեան: 1 Հոկտեմբերին պարսիկներու դիմադրութիւնը կը կոտրի ոչ միայն անդադար ռմբակոծութեան, այլ նաեւ բերդին մէջ գտնուող աւելի քան հազար հայերու ապստամբութեան պատճառով: Շարք մը մարտերէ ետք, ի վերջոյ բերդը կը գրաւուի եւ շուրջ երեք հազար պարսիկ զինուորներ գերի կը բռնուին:
10 Փետրուար 1828ին Թուրքմէնչայ պարսկական գիւղին մէջ կը ստորագրուի ռուս-պարսկական հաշտութեան դաշնագիրը: Երեւան քաղաքն ու Երեւանի շրջանը կ՛անցնին ռուսական տիրակալութեան տակ: Նիկոլա Ա. ցարը իր տիտղոսներուն վրայ կ՛աւելցնէ հատ մը եւս՝ «Տէր եւ թագաւոր Հայկական մարզի»:
1837ին Նիկոլա Ա. ցարը Երեւան կ՛այցելէ: Այս այցելութենէն երեք տարի ետք` 1840ին Հայկական մարզ իրավիճակը կը ջնջէ եւ Երեւանը կը դառնայ պարզապէս համանուն գաւառի կեդրոն:
1915ին, Թուրքիոյ կողմէ հայութեան հանդէպ գործադրուած ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք, Երեւանն ու անմիջական շրջանները կ՛ըլլան ջարդերէ ճողոպրած հայութեան ապաստան:
28 Մայիս 1918ի նախօրեակի օրհասական ճակատամարտերուն ամբողջական ուժով կը մասնակցի Երեւանի հայութիւնը: Այդ ճակատագրական ճակատամարտերէն յաղթական դուրս գալով, կը հռչակուի Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Երեւան մայրաքաղաքով:
Կարմիր բանակը խորհրդային կարգեր հաստատելով Հայաստանի մէջ, Երեւանը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի մայրաքաղաքը:
Ինչպէս բոլոր հին քաղաքները, 1918ի Երեւանն ալ նեղ փողոցներով, փոշոտ եւ ցեխոտ ճամբաներով, ընդհանրապէս իրարու կպած բնակարաններով քաղաք մը եղած է: Ռուսական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին Թիֆլիսն ու Պաքուն որոշ չափով ժամանակին հետ քայլ պահեցին ու զարգացան, նաեւ հոն հաստատուած հայ հարուստներու կարեւոր մասնակցութեամբ, մինչ Երեւանը աննշան փոփոխութիւն արձանագրեց, գաւառական կեդրոնի վերածուած ըլլալով:
28 Մայիս 1918ի անկախութեան հռչակումէն ետք, հակառակ անվերջ պատերազմներու, գաղթականական վիճակին, սով ու համաճարակին, պետութիւնը կը մտածէ նաեւ քաղաքաշինութեան մասին: Ալեքսանտր Թամանեան 1920էն սկսեալ կ՛աշխատի արդիական չափանիշներով ու հեռանկարով Երեւանի յատակագծի պատրաստութեան վրայ:
Խորհրդային կարգերու օրով, 1924ին, Թամանեան կ՛աւարտէ Երեւանի գլխաւոր յատակագիծի պատրաստութիւնը: 1930ականներուն կը սկսին այդ յատակագծին համաձայն շինարարական աշխատանքները: Սակայն բոլոր գործադրութիւնները Թամանեանի յատակագծին համապատասխան չեն ըլլար:
Իշխանաւորները կամայական քայլերու կը դիմեն։ Հակակրօնական իրենց մոլուցքին մէջ կը քանդեն հայ ճարտարապետական եւ մշակութային անզուգական կոթող հանդիսացող, 5-6րդ դարու մեծարժէք Պօղոս- Պետրոս եկեղեցին:
«Նոր իշխանութիւնները միայն կրօնական կառոյցների հանդէպ չէին անհանդուրժող, նրանց զայրացնում էին նաեւ գեղեցիկ ու բարեխիղճ կառուցուած աշխարհիկ շէնքերը: Իսկ այդպիսի ժառանգութիւն եւս ունէր Երեւանը, քանի որ այն քսաներորդ դարի առաջին տասնամեակներին արդէն որոշակիօրէն ձեւաւորուած քաղաք էր, որի կենտրոնական հատուածում կային բազմաթիւ շքեղ տներ, պետական ու վարչական պատկառելի ու ճաշակաւոր շէնքեր, գողտրիկ հիւանդանոցներ ու դպրոցներ: Ցաւօք, դրանից շատերը յետագայ տասնամեակներուն՝ տարբեր պատճառաբանութիւններով քանդուեցին, եւ միայն հասարակայնութեան բուռն բողոքների շնորհիւ հնարաւոր դարձաւ այդ բարբարոսութեան առաջն առնել եւ նոյնիսկ պահպանուած սակաւաթիւ շէնքերի մի մասն էլ վերանորոգել: Անդառնալի կորուստներ տալէ ետք՝ քաղաք կառուցւում ու ընդարձակւում է: Մինչեւ երկրորդ աշխարհամարտը՝ Երեւանում վեր են խոյանում մի շարք կառոյցներ, որոնցով իրաւամբ հպարտանում է ամէն մի Երեւանցի», կը գրէ Սերգէյ Վարդանեան իր «Հայաստանի Մայրաքաղաքները» աշխատասիրութեան մէջ:
Շինարարական հիմնական կառուցումները տեղի կ՛ունենան երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, կը բարգաւաճի, կը բարեփոխուի, կը բարեզարդուի Երեւանը ստանալով իր այսօրուան դիմագիծը՝ իր յուշարձաններով, զբօսայգիներով, մարզադաշտերով, պանդոկներով, համալսարանով, թանգարաններով ու Մատենադարանով:
21 Սեպտեմբեր 1991ի անկախութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքը հռչակումէն ետք, բնականաբար Երեւանը շարունակեց ու կը շարունակէ մնալ Հայաստանի մայրաքաղաքը:
Ինչպէս կը տեսնենք՝ վերոյիշեալ 17ը դարերուն ընթացքին, սկսեալ Էրեբունիէն մինչեւ այսօրուան Հայաստանը, Երեւանը եղած է կռուախնձոր Պարսկաստանի, Թուրքիոյ ու Ռուսիոյ միջեւ, մինչ ոչ մէկ յիշատակութիւն կար ազերիներու մասին։ Սակայն բոլորս գիտենք, թէ գոնէ վերջին հարիւր տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունի Ատրպէյճան մը իր ազերի ժողովուրդով որ մինչեւ այսօր կը փորձէ գրաւել ամբողջ Ղարաբաղը, եւ նոյնիսկ Ղարաբաղով չի գոհանալով ու աչքերին տնկած են ամբողջ Հայաստանին վրայ ու կ՛երազեն իրենց յաջորդ գինիի գաւաթը խմել Երեւանի մէջ:
Կարդալ Նայեւ՝