ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ․- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ Քալիֆորնիոյ ուտեստեղէնի եւ հողագործութեան փոխնախարար, ինչպէս նաեւ ուտեստեղէնի եւ հողագործութեան բաժանմունքի գլխաւոր խորհրդական նշանակած է Հայ Դատի երկար տարիներու գործիչ Հայկ Պաղտասարեանը, ողջունելով անոր նշանակումը։
«Հպարտ ենք, որ մեր Հայկ Պաղտասարեանը նման հեղինակաւոր պաշտօնի մը նշանակուեցաւ։ Հայկը տարիներէ ի վեր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան գլխաւոր դերակատարներէն մէկը եղած է եւ վստահ ենք, որ իր սպասարկութիւնները լաւապէս պիտի տրամադրէ նահանգի շահերուն։ Յաջողութիւն կը մաղթենք Հայկին իր նոր առաքելութեան մէջ», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Իրաւաբան Հայկ Պաղտասարեան իրեն համար պատիւ համարեց այս նշանակումը՝ խոստանալով իր առաւելագոյնով փոխադարձել իրեն նկատմամբ նահանգապետին ցուցաբերած վստահութիւնը, յատկապէս համաճարակի այս դժուար օրերուն։
Հայկ Պաղտասարեան 2009էն ի վեր իրաւաբանական իր գրասենեակը հաստատած է, իսկ անկէ առաջ աշխատած է շարք մը իրաւաբանական հիմնարկներու մէջ եւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է Լոս Անճելըսի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի արդարադատութեան իշխանութիւններուն մօտ։ Ան եղած է նաեւ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքի փոխդատախազը, իսկ 2013էն 2018ի միջեւ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերու գլխաւոր խորհրդականը։