ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանդր Պորթնիքովի նախաձեռնութեամբ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արմէն Աբազեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Ալի Նակիեւի հետ:
ԱԱԾի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շարք մը անհրաժեշտ հարցեր, որոնց կարգին՝ գերիներու փոխանակման եւ անհետ կորսուածներու որոնողական աշխատանքներուն վերաբերող: Հանդիպման իբրեւ արդիւնք՝ ձեռք բերուեցան նաեւ պայմանաւորուածութիւններ տարբեր ուղղութիւններով աշխատանքներու իրականացման վերաբերեալ։