
ՈՒԱՇԻՆԿԹՒՆ, «Ռոյթըրզ»․- Միացեալ Նահանգներու 10 նախկին պաշտպանութեան նախարարներ ամերիկեան իշխանութիւններուն յղեցին նամակ մը` յորդորելով իշխանութեան խաղաղ փոխանցման հոլովոյթը յառաջ մղել եւ զգուշացնելով բանակը ընտրութեան արդիւնքը շրջելու կամ անոր վրայ ազդելու համար օգտագործելէն:
Դեմոկրատ եւ հանրապետական պաշտպանութեան նախկին նախարարներուն հրապարակած նամակը կ՛ընդգծէ, որ ամերիկեան բանակը դատաւորներու կողմէ քուէարկութեան վերահաշուարկուած արդիւնքներու վաւերացումէն ետք, ընտրութիւններու արդիւնքի ճշդման մէջ դերակատարութիւն չունի` նշելով. «Ընտրութեան արդիւնքը կասկածի տակ առնելու ժամանակը անցաւ եւ ժամանակն է սահմանադրութեամբ ու օրէնքով նշուածին համահունչ, ընտրական մարմինի քուէներու պաշտօնական հաշուարկման:
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան ղեկավարներուն՝ ամերիկեան բանակը ընտրութիւններու արդիւնքի ճշդման մէջ դեր չունի»:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթավերջին Ճորճիայի բարձրաստիճան պաշտօնատարէ մը պահանջեց «գտնել» բաւարար քուէներ, որպէսզի յաղթական հռչակուի այդ նահանգին մէջ: Թրամփ նաեւ շաբաթներէ ի վեր, առանց փաստի հարցականի տակ կ՛առնէ ընտրութեան արդիւնքը՝ սպառնալով քաղաքացիական բախումներ յառաջացնել։
Նախկին նախարարները յայտնեցին, որ ջանքեր գոյութիւն ունին բանակը մասնակից դարձնելու ընտրական ճգնաժամի լուծման, ինչ որ վտանգաւոր, ոչ-օրինական եւ ոչ-սահմանադրական արդիւնքներու պիտի յանգեցնէ, եւ անոր պատասխանատուները պիտի ենթարկուին քրէական հաշուետուութեան:
Հաղորդագրութիւնը պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Քրիստըֆըր Միլըրի կոչ ուղղեց` դիւրացնելու յաջորդ վարչակազմին պաշտօններու ստանձնումը եւ ձեռնպահ մնալու որեւէ քաղաքական արարքէ, որ կրնայ ականահարել ընտրութիւններուն արդիւնքը կամ նոր խմբակին յաջողութիւնը խանգարել:
Հաղորդագրութիւնը ստորագրած են Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախկին նախարարներ՝ Էշթըն Քարթըր, Տիք Չէյնի, Ուիլեըմ Քոհեն, Ռապըրթ Կէյց, Չաք Հէյկըլ, Լիան Փընեթա, Ուիլեըմ Փերի, Տանըլտ Ռամսֆելտ, ՃԷյմզ Մեթիս եւ Մարք Էսփըր։ Նշենք, որ վերջին երկուքը Թրամփին կողմէ նշանակուած էին։