ՎԱՆ ԼԱՓՈՅԵԱՆ
Ստորեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Թորոնթոյի պատուոյ հիւպատոս Վան Լափոյեանի յօդուածը` Արցախեան պատերազմին եu Հայաստանի ներքաղաքական ու տարածաշրջանային հարցերու մասին.
Այս յօդուածին ամբողջ նպատակը կը կայանայ անոր մէջ, որ փորձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ եւ ինչո՞ւ: Վստահ եմ, որ ապագային տեղի ունենալիք լրացուցիչ հետաքննութիւնները աւելի մանրամասնօրէն պիտի բացայայտեն այն ամէնը՝ ինչ տեղի ունեցաւ:
Սակայն այսօր մեզի կը մնայ միայն վերլուծել այն իրավիճակը, որուն մէջ այսօր կը գտնուի Հայաստան: Ի՞նչ տարբերակներ ունին այսօր հայերը՝ ապահովելու ապագայի իրենց անվտանգութիւնը եւ գոյատեւումը:
Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած յայտարարութիւնը դժուարութեամբ ընդունած են ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ ամբողջ աշխարհի հայերը: Յատկապէս անոնք, որոնք կորսնցուցած են իրենց սիրելիները, տունն ու հայրենիքը:
Հայաստանի բոլոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնները եւ Սփիւռքի հայերուն մեծ մասը, ներառեալ՝ Արամ Ա. կաթողիկոսը, մերժած են եռակողմ յայտարարութիւնը: Ի հարկէ, բոլորը կը ցանկային աւելի լաւ արդիւնք ունենալ, բայց արդեօ՞ք հայերը աւելի լաւ այլընտրանք ունէին՝ հաշուի առնելով, որ անոնք պարտուող կողմն էին: Մենք միթէ կը մոռնա՞նք այդ:
Տասնամեակներ շարունակ հայերը կը համարէին, որ Լեռնային Ղարաբաղը, ատոր կարգին՝ ազրպէյճանական գրաւեալ եօթը շրջանները, Հայաստանի մէկ մասը կը կազմեն, ուր 146,000 հայ կը բնակէր՝ 12,600 քառակուսի քիլոմեթր տարածքի վրայ: Տիեզերքի իսկական շքեղութիւն:
Անցնող 26 տարուան ընթացքին աշխարհի ոչ մէկ երկիր ճանչցած է Արցախը որպէս անկախ պետութիւն, ներառեալ Հայաստանը եւ Ռուսիան:
Միանշանակ, լուծման խնդիր կար, բայց Հայաստանի ղեկավարները կը ձգձգէին երկու կողմերուն համար ընդունելի լուծումը: Զայն քաղաքական ճանապարհով լուծելու մի քանի փորձեր եղան, բայց բոլորը ձախողեցան: Արցախեան հարցին լուծում գտնելը հրամայական էր: Բայց խաղաղութեան եւ Արցախի անկախութեան ապահովման համար գրաւուած տարածքները վերադարձնելը ընդունելի չէր առհասարակ Հայաստանի հասարակութեան եւ, մասնաւորապէս, արցախցի ժողովուրդին համար:
Միւս կողմէ, հայկական Սփիւռքէն խնդրեցին ներդրումներ կատարել Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին եւ այլ յատուկ հիմնադրամներու միջոցով՝ ճանապարհներու, մանկապարտէզներու, դպրոցներու, բնակելի տուներու, ջրամատակարարման գիծերու եւ տարբեր տեսակի ենթակառուցուածքային նախագիծերու կառուցման համար՝ Ազրպէյճանի անմիջապէս սահմանակից քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ:
Ճիշդ է, որ հայերը պատմականօրէն եւ դարեր շարունակ ապրած եւ կառուցած են իրենց եկեղեցիներն ու վանքերը այդ շրջաններուն մէջ, ուստի օրինական պատմական պահանջք ունին անոնց նկատմամբ որպէս իրենց հայրենիքը, բայց, ցաւօք, այն բանէն ետք, երբ Սթալինը 1923ին զանոնք կցեց Ազրպէյճանի, ի յայտ եկաւ խնդրին իրաւական կողմը, որ լուծում պէտք էր ստանար:
Քանի որ որեւէ քաղաքական լուծում չէր քննարկուեր, Հայաստան ամէն տարի իր պիւտճէին զգալի մասը կը յատկացնէր իր ռազմական ծախսերուն, չնայած այդ դեռ Ազրպէյճանի ռազմական պիւտճէին միայն մէկ տասներորդն էր: Սա ազդեց Հայաստանի տնտեսութեան վրայ եւ բազմաթիւ հայեր արտագաղթեցին՝ աւելի լաւ կեանք գտնելու այլ երկիրներու մէջ:
Միւս կողմէ, Ազրպէյճան նաւթէն եւ կազէն ստացուող եկամուտներ ունէր, որոնց շնորհիւ վերականգնեց իր տնտեսութիւնը եւ ուժեղացուց իր ռազմական ենթակառուցուածքները: Իսրայէլեան ռազմական եւ արհեստագիտական աջակցութիւնը ազրպէյճանցիներուն, ելլելով իրենց փոխադարձ շահերէն, ազրպէյճանցիներուն հսկայական առաւելութիւն տուած է մարտի դաշտին վրայ: Իսկ Թուրքիոյ ռազմական ներգրաւուածութիւնը իր զօրքերով, զրահահրասայլային զօրագունդով, ռազմաօդաին ուժերով եւ «Պայրաքտար» անօդաչու թռչող սարքերով շատ կարեւոր գործօն էր ազրպէյճանցիներուն համար՝ հաւասարակշռութիւնը վերացնելու ուղղութեամբ:
Թուրքերը իրենց ռազմական հզօրութիւնը ապացուցեցին ոչ միայն հայերուն, այլեւ ռուսերուն, որոնք զգոյշ էին եւ ամէն ինչ ըրին՝ բացառելու ռուս-թրքական առճակատումը, որու հետեւանքով հայերը ստիպուած եղան յանձնուելու:
Այս պայմաններուն մէջ վարչապետ Փաշինեանը կրնա՞ր հրաժարիլ եռակողմ յայտարարութիւնը ստորագրելէ:
Արդեօ՞ք արդար է վարչապետ Փաշինեանը նուաստացուցիչ պարտութեան համար պատասխանատու համարելը:
Հաշուի առնելով այն հանգամանքները, որոնց պայմաններուն մէջ հայկական ուժերը յայտնուեցան մարտադաշտին վրայ 2020ի Նոյեմբերի սկիզբը, պարոն Փաշինեանը յայտարարութիւնը ստորագրելէն բացի այլընտրանք չունէր: Հայաստան պէ՞տք է շնորհակալութիւն յայտնէ Ռուսիոյ կառավարութեան՝ այս հակամարտութեան ճիշդ ժամանակին իր միջամտութեան համար, վտանգելով իր զինուորներուն կեանքը թրքական մահացու անօդաչու թռչող սարքերուն դէմ՝ չնայած պաշտպանելով իր աշխարհաքաղաքական շահը այդ տարածաշրջանին մէջ, բայց միեւնոյն ժամանակ փրկելով 20,000 հայ զինուորները եւ խաղաղ բնակիչները:
Եթէ Ռուսիոյ կառավարութիւնը չմիջամտէր հակամարտութեան եւ քրտնաջան չաշխատէր կողմերուն հետ եռակողմ յայտարարութիւնը պատրաստելու համար, այսօր մենք ականատես պիտի ըլլայինք, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճանի դրօշը կը ծածանի Ստեփանակերտի եւ Արցախի մնացած տարածքներուն վրայ:
Բայց արդեօք վարչապետ Փաշինեանը ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն պատասխանատո՞ւ է պատերազմի ելքին համար: Իսկ եթէ այո, մի՞թէ ան միակն է:
2016ի Ապրիլէն ի վեր, երբ Ազրպէյճան օգտագործեց իր իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերը մեր մօտաւորապէս հարիւր զինուորները սպաննելու եւ աւելի քան երկու հարիւրը վիրաւորելու համար, ակնյայտ էր, որ Ազրպէյճան գերակայութիւն ունէր ռազմական արհեստագիտութեան մէջ, ուստի հայերուն համար հրամայական էր ունենալ մեծաքանակ անօդաչու թռչող սարքեր՝ ազրպէյճանցիներուն հետ հաւասարելու համար: Այն ժամանակուան Հայաստանի նախագահը համապատասխան եզրայանգումեր չըրաւ Ապրիլեան պատերազմէն ետք` վերազինելու հայկական բանակը արդիական անօդաչու թռչող սարքերով, թողելով այդ հին զինատեսակներու յոյսին:
Իր փտած վարչակարգը այլեւս անտանելի էր հայ ժողովուրդին համար, եւ Փաշինեան կրցաւ իր ամբոխավարական ելոյթներով ու անիրատես խոստումներով նուաճել դժգոհ բնակչութեան սրտերը եւ արեւմտեան երկիրներու հետախուզական գործակալութիւններուն օգնութեամբ 2018ի Մայիսին հասաւ այսպէս կոչուած Թաւշեայ յեղափոխութեան:
Մենք պէտք է ողջունենք Փաշինեանի համարձակութիւնը եւ վճռականութիւնը կառաարութեան ղեկավարի դերը ստանձնելու հարցին մէջ: Մարդոց ճնշող մեծամասնութիւնը կ՛աջակցէր իրեն եւ կը պաշտպանէր զինք ոչ թէ անոր համար, որ ան որակաւորուած էր այդ գործին մէջ, այլ պարզապէս անոնց ատելութեան պատճառով՝ հին փտած վարչակարգին հանդէպ:
2018ի Մայիսէն մինչեւ 27 Սեպտեմբեր 2020ի պատերազմին բռնկումը, գրեթէ երկուքուկէս տարի, Փաշինեանը բաւական ժամանակ ունէր պատրաստելու հայ զինուորականները Ազրպէյճանի հետ անօդաչու թռչող սարքերու պատերազմին, կամ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծելու քաղաքական եւ դիւանագիտական ճանապարհով:
Երկու տեղերուն մէջ ալ ան ձախողեցաւ: Ռազմական գետնի վրայ, փոխանակ հայկական բանակը վերազինելու արդիական թռչող սարքերով, ատոր փոխարէն նախընտրեց ծախսել 120,000,000 ամերիկեան տոլար՝ ապահովելու 4 հատ SU-30 կործանիչներ, առանց իրենց հրթիռներուն, առանց որոնց վերոյիշեալ կործանիչները անօգուտ են:
Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ զօրավար Օնիկ Գասպարեանը դեռեւս 2020 թուականի Յունիս 12ին, ռազմական գործողութիւններու սկսելէն 3 ամիս առաջ, զինք նախազգուշացուց, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ բախում կը սպասուի եւ հնարաւոր է, որ պատերազմ ըլլայ: Ուստի հարկաւոր է ամէն գնով խուսափիլ այդ պատերազմէն, քանի որ վերջաւորութեան Հայաստան պիտի ըլլայ ծանրօրէն պարտուող կողմը:
Այս փուլին ես կը կասկածիմ՝ արդեօ՞ք Ազրպէյճան պիտի ընդունէր որեւէ փոխզիջում եւ քաղաքական լուծում: Գրեթէ տասը տարուան ռազմական նախապատրաստութենէ, նաեւ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ քաղաքական ու ռազմական դաշինքէ ետք, Ալիեւին անհրաժեշտ էր ռազմական յաղթանակ՝ 1990-94 թուականներու Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ժամանակ Ազրպէյճանի խայտառակ պարտութեան վրէժը լուծելու համար եւ փառաբանելու ինքզինք՝ որպէս Ազրպէյճանի պատմութեան մէջ յաղթող նախագահ, որ հետապնդեց հայը եւ, մեղմ ըսած, դուրս հանեց ազրպէյճանական տարածքներէն:
Աւելին, Ալիեւ կրնար պնդել, թէ բոլոր տարածքները, այդ շարքին՝ Արցախը Ազրպէյճանի պէտք է վերադարձնել, ինչը կտրականապէս մերժելի էր Ղարաբաղի նախագահներուն եւ Արցախի ժողովուրդին կողմէ, եւ այսօր ալ դժուար լուծելի խնդիր է, նոյնիսկ կրակի դադրեցումէն եւ պարտութենէն ետք: Այսպիսով կրնանք ըսել, որ դեռեւս Յունիս 12ին պատերազմը անխուսափելի էր եւ Փաշինեան ոչինչ կրնար ընել զայն կասեցնելու համար:
Բայց բուռն ռազմական գործողութիւններու 44 ծանր օրերուն ընթացքին պատերազմը դադրեցնելու այլ հնարաւորութիւններ կայի՞ն:
Սեպտեմբեր 30ին, զօր. Օնիկ Գասպարեանը Հայաստանի վարչապետին առաջարկեց ամէն գնով դադրեցնել կրակը այն բանէն յետոյ, երբ երկրորդ թրքական անօդաչու թռչող սարքերը ամբողջութեամբ ոչնչացուցին Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը, որ բաղկացած էր ռուսական S300-է եւ ռատարային համակարգերէ: Այսինքն, պատերազմին երրորդ օրը Լեռնային Ղարաբաղի երկինքը բաց էր թրքական F16-երուն, իսրայէլեան եւ թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն առջեւ, որոնցմով սպաննուեցան բազմաթիւ հայ զինծառայողներ եւ ոչնչացուեցան հսկայական քանակութեամբ հրասայլեր եւ բազմաշերտ հրթիռային սարքաւորումներ:
Ձեռք բերուեցան հրադադարի պահպանութեան մի քանի համաձայնագրեր, որոնք կը հովանաւորուէին Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի կողմէ, բայց ապարդիւն, քանի որ ազերիներու եւ թրքական բանակի ուժերը կը շարունակէին մէկը միւսին ետեւէն խախտել հրադադարը, որպէսզի հասնին իրենց վերջնական նպատակին, որն էր Շուշիի եւ Լաչինի միջանցքի գրաւումը: Այնուհետեւ պիտի բանակցէին հայկական ուժերու պարտութեան շուրջ Շուշիի բարձունքներուն հասնելէ ետք, ուրկէ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը կը գտնուէր 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Փաշինեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը եւս մէկ հնարաւորութիւն ունեցան ընդունելու հրադադարի մասին Հոկտեմբեր 19ի համաձայնագիրը, որ առաջարկուած էր Ռուսիոյ կողմէ: Ըստ ատոր՝ Արցախի շրջանի մեծ մասը, որպէս անձեռնմխելի տարածք, կը մնար հայերուն, եօթը շրջանները կը վերադարձուէին Ազրպէյճանի, կը թոյլատրուէր տեղահանուած ազրպէյճանցի գաղթականներու վերադարձը Շուշի: Սակայն Փաշինեանն ու Յարութիւնեանը կորսնցուցին իրենց առաջարկուած լաւագոյն հնարաւորութիւնը՝ մերժելով ռուսական առաջարկը, եւ ստիպուած եղան Նոյեմբեր 9ին ստորագրելու պարտութեան համաձայնագիրը:
Այդ հսկայական սխալ էր, որուն համար անոնք ստիպուած պիտի ըլլան պատասխանելու աւելի քան 5000 հայ զինուորներու ընտանիքներուն, որոնք զոհուեցան իրենց երկրին համար: Փաշինեանն ու Յարութիւնեանը կրնային փրկել այդ զինուորներուն կեանքերը:
Իմանալով Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան բոլոր համակարգերու ոչնչացման մասին՝ Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարները կոչ ուղղեցին հայերու ընդհանուր զօրահաւաքի՝ խոստանալով անոնց յաղթանակ՝ «Յաղթելու ենք» կարգախօսով, ուղարկելով հազարաւոր խիզախ հայրենասէր հայեր՝ առաջնագիծին վրայ կոտորուելու թրքական եւ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներէն:
Փաշինեան եւ Յարութիւնեան շատ լաւ գիտէին, որ Հայսատանի եւ Արցախի բանակները չեն կրնար դիմակայել Սուրիայէն ժամանած ճիհատականներու եւ ազրպէյճանական ու թրքական զօրքերու դաշինքին, յատկապէս որ անոնք զինուած էին իսրայէլեան եւ թրքական մահացու անօդաչու թռչող սարքերով, բայց այնուամենայնիւ անոնք շարունակեցին պատերազմը:
Անոնց մտքին մէջ սկզբնական շրջանին զինադադարի կնքումը եւ եօթը շրջանները Ազրպէյճանի վերադարձնելը առանց Արցախի անկախութեան ապահովման՝ հայ հասարակութեան կողմէ պիտի դիտուէր որպէս դաւաճանութիւն: Այնուամենայնիւ, անոնց որոշումը կը նշանակէր հազարաւոր հայերու եւ Արցախի տարածքի կէսի կորուստ, չնայած Ռուսիոյ կառավարութեան մի քանի առաջարկներուն, որոնք շատ աւելի շահեկան էին, քան Նոյեմբեր 9ին ստորագրուած համաձայնագիրը:
Փաշինեանն ու Յարութիւնեանը քաջութիւնը չունէին ընդունելու այն փաստը, որ իրենք պատրաստ չէին այս պատերազմին եւ պէտք է հնարաւորինս նուազագոյն կորուստներով դադրեցուի ան: Անոնք ընտրեցին բացայայտօրէն հայ ժողովուրդին ստելու ուղին՝ պնդելով, որ հայոց բանակը մեծ կորուստներ կը հասցնէ թշնամիին եւ յաղթանակը պիտի ըլլայ, միայն՝ համբերութիւն: Եւ ահա ուղղակի այստեղ անոնք ամբողջովին կը կրեն պատասխանատւութիւն:
Ինչ կը վերաբերի հարցին քաղաքական եւ դիւանագիտական կողմերուն.
Քանի որ պարոն Փաշինեանը կառավարութիւնը ստանձնած էր 2018ի Մայիսին, անոր հիմնական կեդրոնացումը ԱԱԾի վրայ էր, որուն միջոցով ան կը մեղադրէր իր քաղաքական հակառակորդները շինծու պատրուակներով՝ զանոնք բանտ նստեցնելու եւ իր հետեւորդներուն կողմէ ժողովրդականութիւն վայելելու համար: Անոր զոհերէն են նախագահ Քոչարեանը (ռուսամէտ ՀՀ նախագահը), պարոն Ծառուկեանը (հարուստ գործարար եւ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար): Անհաւատալի է…
Ան կը ցանկար կատարել իր խոստումը, որուն շուրջ քարոզչութիւն ծաւալած էր այսպէս կոչուած Թաւշեայ յեղափոխութեան ընթացքին՝ բոլոր հարուստ եւ փտած մարդիկը (իր սահմանումով՝ օլիկարգները) «ասֆալտին փռել»: Անոր հիմնական նպատակը ժողովրդականութիւն ձեռք բերելն ու քաղաքական հակառակորդները վարկաբեկելն էր:
Ան այսօր ալ կ՛օգտագործէ նոյն մարտավարութիւնը ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութիւններու առաջնորդներուն դէմ, որոնք Արցախեան պատերազմի խայտառակ պարտութենէն ետք կը պահանջեն իր հրաժարականը: Ան կը վախցնէ զանոնք՝ ձեռնաշղթաներով եւ բանտ նստեցնելով, պարզապէս այն բանին համար, որ անոնք կոչ կ՛ուղղեն իրեն հրաժարական տալու:
Անոր ժողովրդավարութեան, արդարութեան եւ խօսքի ազատութեան խոստումները, որոնց համար ան ընտրուած էր, խորապէս մոռցուած են: Պարտութեան համաձայնագիրը ստորագրելէն ետք փոխանակ ներդնելու իր բոլոր ջանքերը երկրին եւ ժողովուրդին առջեւ ծառացած բազմաթիւ մարտահրաւէրները լուծելու, ան յայտարարեց, որ այս աննախադէպ հանգամանքներուն մէջ պէտք է գումարուի արտահերթ խորհրդարանի նիստ՝ զրկելու համար պարոն Ծառուկեանը պատգամաւորական իրաւունքէն:
Ան կը կարծէր, որ իր արեւմտամէտ, հակառուս արտաքին քաղաքականութիւնը Հայաստանը պիտի դարձնէ անկախ, յատկապէս անկախ՝ ռուսական ազդեցութենէն: Եւ ան գործեց այդ տրամաբանութեամբ՝ վնասելով Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ մեր ունեցած պատմական եւ բարձր մակարդակի վրայ գտնուող ռազմավարական յարաբերութիւններուն:
Եթէ նայինք Կովկասի քարտէսին, պիտի տեսնենք, որ Հայաստան շատ փոքր երկիր է՝ դէպի ծով ելք չունեցող, իր հարեւաններուն՝ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Իրանի համեմատ, եւ եթէ ան 5000 տարուան աղէտներէ ետք ընդհանրապէս գոյութիւն ունի, ապա այդ հայ ժողովուրդի մարտական եւ գոյատեւման ոգիին, եւ, ի հարկէ, տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ ներկայութեան եւ անոր աշխարհաքաղաքական հետաքրքրութեան շնորհիւ է:
Ցանկացած պահու, եթէ Հայաստանի հարեւաններէն որեւէ մէկը որոշէ ներխուժել Հայաստան, ապա անոնցմէ շատ ժամանակ չի պահանջուիր իրենց նպատակին հասնելու համար: Վերջերս Էրտողանի կողմէ մի քանի յայտարարութիւններ եղան, որ Հայաստանը թրքական տարածք է, որուն զուգահեռ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստանը Ազրպէյճանի տարածք է:
Միակ պատճառը, որ Հայաստան դեռ կանգուն է, Կովկասի նկատմամբ Ռուսիոյ հետաքրքրութիւնն է: Հայաստանի ապագան սերտօրէն կապուած է ռուս ազգի բարեկեցութեան հետ: Եթէ ՆԱԹՕին յաջողուի տապալել Ռուսիոյ Դաշնութիւնը, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ժամանակ չեն կորսնցներ երթով շարժելու դէպի Երեւան:
Էրտողանի վերջին թշնամական եւ ծաւալապաշտական քաղաքականութեան Ազրպէյճանի մէջ կ՛աջակցէին Ուաշինկթընը եւ բրիտանական հետախուզական MI6ը, որու տնօրէնը՝ պրն. Ռիչըրտ Մուրը, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Թագաւորութեան նախկին դեսպանը, Էրտողանի ամենամօտիկ ընկերն է:
Աշխարհի իսլամ ծայրայեղականներու ինքնահռչակ առաջնորդ Էրտողանը կը ցանկայ մէկ դրօշի ներքոյ միաւորել թրքալեզու նախկին խորհրդային երկիրները՝ Ազրպէյճանը, Ղազախստանը, Թիւրքմենիստանը եւ Ղրղզիստանը, ստեղծելով, այսպէս կոչուած, թրքական-իսլամական ՆԱԹՕ, որ Արեւմուտքի կատարեալ դաշնակիցն է, եւ փորձ կը կատարուի Ռուսիոյ հարաւային սահմաններուն մէջ ապակայունացնել իրավիճակը:
Հետեւաբար Փաշինեանի արեւմտամէտ եւ հակառուս քաղաքականութիւնը չ՛օգներ Հայաստանի շահերուն: Սակայն արեւմտեան քաղաքակրթութիւններու համար բաց ըլլալը պէտք չէ ըլլայ մեր հիմնական պաշտպան Ռուսիան կորսնցնելու հաշուոյն: Ապագային իր գոյատեւման համար Հայաստան պաշտպանի կարիք ունի եւ այդ պաշտպանը Ռուսիան է:
Վերջին 2.5 տարուան ընթացքին Փաշինեանի քաղաքականութիւնն ու որոշումները ծունկի բերին Հայաստանը: Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, որոնք հրաժարած են եռակողմ պայմանագրէն, կը ցանկան վերսկսիլ բանակցութիւնները՝ կորսնցուցած տարածքներուն մէկ մասը ետ բերելու համար եւ կը պահանջեն վարչապետին հրաժարականը:
Ռուսերը շատ յստակ ըսին, որ շահագրգռուած չեն որեւէ նոր բանակցութիւններով: Անոնք դժուարութիւն ունին վերահսկելու Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին թրքական զօրքերը եւ անոնց պահանջները, ինչպէս նաեւ կը ցանկան հաւատարիմ մնալ նախնական համաձայնագրին: Անոնք պէտք է գոյատեւեն Փաշինեանի կառավարութեան հետ՝ մինչեւ համաձայնագրին իրագործումը աւարտի:
Փաշինեանի բնաւորութիւնը իմանալով՝ ան երբեք պիտի չընդունի իր մեղքը եւ կամաւոր հրաժարական պիտի չտայ, բացի անկէ, եթէ ստեղծուի այնպիսի պարագայ, որ ան ստիպուած ըլլայ այդ քայլին դիմելու:
Ան միշտ պիտի գտնէ մեղաւորներ իր ձախողութիւններուն համար, ինչպէս Արայիկ Յարութիւնեանը՝ Արցախի նախագահը, որ կը մեղադրէր իր իսկ զինուորները առաջնագիծէն փախչելնուն համար: Ան պէտք է ինքզինք մեղադրէ իր զինուորներուն կռուելու համար օդային պաշտպանութիւն չտրամադրելուն մէջ: Ինչպէ՞ս ան կրնար այդ երիտասարդ երեխաները ուղարկել դէպի մահ եւ մեղադրել զիրենք, որոնք նախընտրած էին ապրիլ:
Ի հարկէ, այս ձախողութեան մէջ հայ ժողովուրդը ունի իր մասնաբաժինը՝ հետեւեալ պատճառներով.
- Ամբոխավարական, մակերեսային, անկարող առաջնորդին եւ անոր երիտասարդ, անփորձ եւ ոչ-համարժէք անձնակազմը կուրօրէն ընտրելուն եւ սատարելուն համար. անոնք աւելի շատ շահագրգռուած էին որեւէ ձեւով կառչիլ իրենց պաշտօններուն եւ մնալ իշխանութեան վրայ, այլ ոչ թէ ազգին մարտահրաւէրներուն դիմակայել եւ լուծել: Ասոնք կարելի է նոյնիսկ փտած համարել. ծախսելով կառավարութեան գումարները ելեկտրոնային կայքի կեղծ աշխատողներու բանակ վարձելու համար՝ զանոնք կ՛օգտագործեն ընկերային ցանցերու վրայ իրենց շահին եւ առաւելութեան քարոզչութեան համար: Անոնք բաժնեցին ազգը, ոչ թէ միացուցին՝ իրենց հակառակորդները պիտակաւորելով որպէս «սեւ» հայ, իսկ համակիրները կը համարէին «սպիտակ» հայեր: Ստելով ժողովուրդին, խեղաթիւրելով ռազմաճակատի իրողութիւնը՝ անոնք կը շարունակէին հայ երիտասարդները ուղարկել առաջնագիծ` սպաննուելու:
- Կարծել, որ հայերը անպարտելի են: 1994ին պատերազմը յաղթելէ ետք, Ղարաբաղի ղեկավարները կը կարծէին, որ իրենք անպարտելի են: Արցախի հոգեւոր առաջնորդը 2019ի Յունիսին Ստեփանակերտի մէջ ունեցած ելոյթին ժամանակ կը պնդէր, որ Ղարաբաղի ժողովուրդը Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն է, ուստի ան երբեք չի պարտուիր: 1994ի յաջողութիւնը բարոյահոգեբանական խթան հանդիսացաւ ամբողջ աշխարհի հայութեան համար` հաշուի առնելով այն փաստը, որ հայերու մեծ մասը ողբերգական յիշողութիւն ունի 1915ի Ցեղասպանութեան մասին, իսկ Ղարաբաղի յաջողութիւնը իրենց ինքնութեան վերածնունդն էր: Ինքզինքնին կապեցին այդ յաջողութեան հետ եւ մոռցան, որ Հայաստանը շատ փոքր ազգ է` համեմատած աշխարհի միւս ազգերուն հետ եւ չի կրնար գոյատեւել առանց զօրաւոր ռազմավարական պաշտպանի: Առնուազն տարակուսանք կը յառաջացնէ մօտս, թէ ինչպէ՛ս հայերը կը մտածեն իրենց մասին. իրենք կը կարծեն, թէ իրենք աշխարհի ամենախելացի ժողովուրդն են, իրենց բանակը աշխարհի ամենաուժեղ բանակն է, որեւէ յայտնի գիտնական, դերասան, քաղաքական գործիչ, հարուստ գործարար` այս կամ այն կերպով ունի հայկական ծագում:
Եթէ այդ ճիշդ է, ապա Հայաստան պէտք է ըլլար աշխարհի ամենահզօր ազգերէն մէկը: Իրականութիւնը այն է, որ Հայաստան աշխարհի ամենաաղքատ երկիրներէն մէկն է: Անոնք կը մոռնան, որ այս փոքր, թոյլ քրիստոնեայ ազգը բոյն դրած է երեք մեծ, ուժեղ, հարուստ, 200 միլիոն բնակչութիւն ունեցող մահմետական ազգերու միջեւ, որոնցմէ երկուքը դարեր շարունակ եղած են իր պատմական թշնամիները: Եւ իրականութիւնը այն է, որ անոնք չեն կրնար գոյատեւել, քանի դեռ պաշտպանուած չեն գերտէրութեան մը կողմէ: Եւ գուցէ սա այսօր աւելի արդիական է, քան մեր հայոց պատմութեան ցանկացած այլ ժամանակաշրջանի ընթացքին: Քաջութիւն է պէտք ընդունելու մեր թոյլ կողմերը, քան պնդելու, որ մենք անպարտելի ենք եւ երթալով առաջնագիծ՝ մեռնիլ: Նոյնիսկ այսօր, պարտութեան պայմանագիրը ստորագրելէ ետք, հայկական որոշ լրատուամիջոցներու հռետորաբանութեան մէջ դեռ կը տեսնես հետեւեալ կարգախօսը՝ «Հայուն անհնար է յաղթել»:
Ժամանակն է, որ հայերը արթննան եւ տեսնեն իրականութիւնը ինչպէս որ է: Անոնք ո՛չ աւելի լաւն են եւ ո՛չ ալ աւելի խելացին, քան որեւէ այլ ազգ կամ ժողովուրդ: Ընդհակառակը, անոնք շատ աշխատանք ունին ընելու՝ գոյատեւելու եւ այս փոքրիկ հողակտորը շոգիացումէ փրկելու համար. Հայաստանը ոչնչացման եզրին է:
- Բողոքելու համար, որ հայերը մինակ մնացած են, եւ աշխարհի որեւէ մէկ երկիր չ՛օգներ հայերուն: Հայերը կը սիրեն զոհի դեր կրել: Դարեր շարունակ այդպէս եղած է եւ այդ դարձած է անոնց DNA-ին մէկ մասը: Ժամանակն է փոխելու զայն: Հայերու յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը հայերու ձեռքերուն մէջ է, մի՛ մեղադրէք այլ երկիրները ձեզի չօգնելնուն համար: Մեղադրեցէ՛ք դուք ձեզ, որ չէք կրցած բաւարար հետաքրքրութիւն ստեղծել այլ երկիրներու մօտ, որոնք հարկ եղած ատեն օգնեն ձեզի:
Այս սարսափելի պարտութենէն ետք, Հայաստանի տնտեսութիւնը այսօր խայտառակ վիճակի մէջ է: Յաջորդ տարիներուն անոր արժոյթը կտրուկ պիտի արժեզրկուի: Գործազրկութիւնը պիտի հասնի բոլոր ժամանակներու համեմատութեամբ բարձր մակարդակի: Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մեծ թուով քաղաքացիներ պիտի մեկնին երկրէն՝ Սփիւռքի մէջ աւելի լաւ կեանք փնտռելու համար: Փաշինեանի «հպարտ քաղաքացիները» վերջաւորութեան այդքան հպարտ պիտի չըլլան՝ իր երկուքուկէս տարուան աղէտալի ու խեղճուկ իշխանութենէն ետք: Ան եւ իր անփորձ խումբը պիտի դատուին ապագայ սերունդներուն կողմէ, որպէս Հայաստանի պատմութեան ընթացքին ամէնէն անարդիւնաւէտ, անպիտան, մակերեսային, ինքնահաւան առաջնորդներ:
Ժամանակն է լրջօրէն մտածելու ապագայ սերունդներու անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան մասին:
Հայաստան չի կրնար յաւերժ պայքարիլ իրմէ աւելի հզօր թշնամիներու դէմ եւ պէտք է վերանայի իր քաղաքականութեան կորսուած տարածքներուն վերաբերեալ, առաջնահերթութիւնը պէտք է տրուի ապահովելու Հայաստանի եւ Արցախի ներկայի սահմանները ինչպէս որ են, եւ կեդրոնանայ երկրի տնտեսութեան բարելաւման եւ իր քաղաքացիներուն բարեկեցութեան վրայ:
Հայ ժողովուրդին իրական յաղթանակը կ՛ըլլայ այն, որ ան ապահովէ խաղաղ եւ ապահով երկիր իր քաղաքացիներուն համար, պատրաստելով առողջ սերունդներ, որոնք պիտի ապրին բարիդրացիական պայմաններու մէջ իրենց հարեւաններուն հետ:
Թուրքիա հսկայական բանակ կուտակած է Հայաստանի սահմաններուն: Հայաստան չի կրնար պաշտպանել իր սահմանները առանց իր տարածքին ռուսական բանակի ֆիզիքական ներկայութեան: Դժբախտաբար, Ռուսիոյ ռազմական ներկայութիւնը Հայաստանի համար պիտի արժէ իր անկախութիւնը եւ Հայաստան պիտի ըլլայ Ռուսիոյ պաշտպանութեան տակ, անկախ անկէ, որ կը ցանկա՞ն, թէ՞ ոչ: Նոյնիսկ չի բացառուիր, որ ան կրնայ ըլլալ Ռուսիոյ Դաշնութեան մէկ մասը՝ իր բոլոր հետեւանքներով:
- Հայ ժողովուրդը ձախողեցաւ ճանչնալու Սփիւռքը որպէս լիարժէք գործօն Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման ծրագրերուն, մերժուեցաւ մասնակցելու քաղաքական գործընթացներուն եւ կը դիտուէր որպէս դրամի աղբիւր՝ որոշակի ծրագրերու իրականացման համար:
Որպէսզի ունենանք զարգացող Հայաստան եւ բարիդրացիական յարաբերութիւն մեր հարեւան երկիրներուն հետ, կայ չորս նախապայման.
Ա. Ունենալ մշտապէս զարգացող տնտեսութիւն եւ տնտեսապէս հզօր Հայաստան:
Բ. Ունենալ հզօր բանակ եւ ժամանակակից ռազմարդիւնաբերական համալիր՝ դիմագրաւելու համար հարեւաններու թշնամական նկրտումները:
Գ. Ամրապնդել Ռուսիոյ հետ մեր ռազմական դաշինքը՝ ապահովելու համար մեր տարածքներուն ամբողջականութիւնը արտաքին ցանկացած յարձակումէ:
Դ. Ապահովել միջազգային քաղաքական աջակցութիւն Հայաստանի անվտանգութեան ու բարեկեցութեան:
Ինչպէս նկատեցիք, Ա. եւ Դ. կէտերը չենք կրնար իրականացնել առանց Սփիւռքի լիարժէք ներգրաւուածութեան այս գործընթացներուն:
2.5 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Հայաստանը աւելի քիչ հնարաւորութիւն ունի գոյատեւելու, քան տասը միլիոն բնակչութիւն ունեցող միասնական հայ ազգը:
Արդէն ժամանակն է, որ ինքզինք հայ համարող սփիւռքահայը ունենայ Հայաստանի քաղաքացիութիւն: Ան իր տարեկան եկամուտին 5 տոկոսը պէտք է փոխանցէ Հայաստանի՝ որպէս ազգային տուրք, որուն դիմաց իր ներկայացուցիչներով ներկայացուած ըլլայ ՀՀ Ազգային Ժողովին եւ կառավարութեան մէջ: Այս ամէնը առիթ պիտի տայ, որ Սփիւռքէն հայրենիք ուղարկուող հաստատուն նիւթական օժանդակութիւնները օգնեն տնտեսական հզօրացման:
Այս հարցը դժուար է կեանքի կոչել, որովհետեւ կարիք պիտի ըլլայ սահմանադրական որոշակի փոփոխութիւններու: Չեմ կարծեր, որ սա դիւրին խնդիր է, բայց ժամանակն է գիտակցելու, որ այլ տարբերակ գոյութիւն չունի:
Հայաստանի ապագան մշուշոտ է: Հայերը իրաւունք չունին յապաղելու. մենք պէտք է արագ եւ ժրաջան գործենք մեր գոյութիւնը եւ գոյատեւումը ապահովելու համար: Մեզի հարկաւոր է նոր որակի խելացի կառավարութիւն, որ կարենայ յաղթահարել այս ճգնաժամը եւ դուրս բերել երկիրը ծանր կացութենէն:
Այս վերջին պարտութիւնը մեզ որպէս ազգ պէտք է արթնցնէ: