ԽՌՈՎԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԾ ՈՍՏԻԿԱՆԸ ՄԱՀԱՑԱՒ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ․Պի․Սի․»․- Ուրբաթ օր հաղորդուեցաւ, որ Քոնկրեսին վրայ յարձակած սպիտակամորթ ազգայնամոլներու կողմէ վիրաւորուած ոստիկաններէն մէկը մահացաւ, զոհերուն ընդհանուր թիւը հասցնելով 5ի։
Միւս կողմէ, ընտրեալ նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, թէ Քոնկրեսին վրայ յարձակած ծայրայեղականները պէտք չէ ցուցարարներ կոչել, այլ՝ ահաբեկիչներ, շեշտելով, որ ոստիկանութեան հակազդեցութիւնը շատ աւելի խիստ պիտի ըլլար, եթէ Քոնկրեսին վրայ յարձակողները սպիտակամորթներ չըլլային։
Նախարարներու եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հրաժարականները պահանջող, ինչպէս նաեւ նախագահ Թրամփը պաշտօնազրկելու կոչերը շարունակուեցան, այն յոյսով, որ ժողովրդավարութեան դէմ դիրք որդեգրած նախագահը իր պաշտօնավարութեան վերջին օրերուն աւելի մեծ վնասներ չպատճառէ երկրին։
Յատկանշական է, որ նոյնիսկ ՄԱԿի 75րդ Ընդհանուր ժողովին նախագահութիւնը ստանձնած թուրք Վոլքան Պողքըր մտահոգութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու մէջ «ժողովրդավարական գործընթացին ընդհատման» համար…