Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԲԸՄի «Հայ Կին» մարմինը Հայաստանի նորածին մանուկներու համար կերպասեղէն հաւաքեց եւ ուղարկեց Հայաստան։
Առաւել քան 10,000 կտորները՝ վերմակներ, հագուստներ, գլխարկներ եւ այլ իրեր արդէն հասած են Հայաստան եւ Արցախ։
Նաեւ, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Երիտասարդաց միութիւնը Հայաստանի սկաուտներուն ուղարկեց օժանդակութիւն, որպէսզի բաժնեն Արցախի եւ Հայաստանի որբերուն։
Արդէն 2000 նուէրներ բաժնուեցան եւ մօտ ատենէն նոր իրեր պիտի ստանան Արցախի մանուկները, մասնաւորաբար՝ ջեռուցիչներ։