ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրի «Հայ Շարժում» թերթի Մարտ ամսուան թիւին մէջ, ծրագիրի համակարգող փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան կը տեղեկացնէ, թէ Լիան Փիթըրզի անուան հիմնարկութիւնը այս տարի եւս 30,000 տոլարի յատկացում մը կատարած է Հայագիտական ծրագիրին՝ 2021 կրթական տարեշրջանի ծախսերուն համար, շարունակելով Հայագիտական ծրագիրի դասախօսական շարքին, ինչպէս նաեւ այլ գործունէութիւններու եւ կրթանպաստներ տրամադրելու ջանքերուն նեցուկ կանգնելու իր տարիներու աւանդութիւնը։
Նշենք, որ Լիան Փիթըրզ յարգուած գործարար եւ համայնքի ղեկավար մըն էր. անոր եղբօր՝ Փիթի կողմէ Լիանի յիշատակին՝ 1959ին հաստատուած նշեալ հիմնարկութիւնը տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնի Ֆրեզնոյի կրթական, առողջապահական եւ արուեստի շարք մը հաստատութիւններու։
2013էն ի վեր, հիմնարկութիւնը 240,000 տոլար նուիրած է Հայագիտականին։