ԿԱՐՊԻՍ ԻՔՆԱՏԻՈՍԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1 Մարտ, 1956ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, եղբօր, քեռիին, հօրեղբօր, փեսային, քեռայրին եւ հարազատին՝ Կարպիս Իքնատիոսեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 7 Յունուար, 2021ին, Պէյրութի մէջ, Լիբանան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 8 Յունուար 2021ին, Լիբանանի մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Թալին Իքնատիոսեան
Զաւակները՝ Վանօ, Լէա եւ Սեւակ Իքնատիոսեաններ
Եւ համայն Իքնատիոսեան, Պէտուրեան, Քրմզեան, Սարգիսեան, Ճէպէճեան եւ Տուզճեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կը խնդրուի կատարել Հալէպի Ազգային «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանին։ Փափաքողները կրնան կապուիլ Տիգրան Ճէպէճեանին հետեւեալ հասցէին՝ jebejian.dikran@gmail.com։