
Լոյս տեսաւ ամերիկահայ բանաստեղծ Կարին Անկողինեանի առաջին հատորը՝ «Հայերէն Հայքու»ն: Գիրքը Անկողինեանի 63 հայքուներու հաւաքածոն է՝ սիրոյ, կորուստի, քաղաքականութեան եւ ձուլման թեմաներով: Յառաջաբանը գրած է գիրքի խմբագիրը, ձեւաւորողը եւ կողքի հեղինակը՝ Ռուբէն Խաժակ:
«Հայերէն Հայքու»ն հրատարակուած է «Տիր Պէտ Պըքս» հրատարակչատան կողմէ եւ տպագրուած Երեւանի ՆԱՄԷ տպագրատան կողմէ:
Ամերիկածին Կարին Անկողինեան սկսած է գրել կարճ բանաստեղծութիւններ՝ իբրեւ ընկերական ցանցերու բառային սահմանափակումներու համապատասխանելու եւ «գրողի պլոք»ը յաղթահարելու միջոց:
«Շատ յաճախ վերնագիրի կամ բացման կամ փակման տողի հիանալի գաղափար մը կ՛ունենայի, բայց դժուար էր ինծի համար սկիզբէն վերջ ամբողջ կտոր մը երեւակայել: հայքուներ գրելու ժամանակ անդրադարձայ, որ ձեւաչափը շատ յարմար է, իսկ բանաստեղծութեան սկիզբը, մէջտեղը եւ վերջը միասին բերելը մէկ միտքի մէջ՝ աւելի դիւրին: Նաեւ յարմար է ներառնելու գրական զանազան գործիքներ, ինչպէս՝ յանգաւորում, ասմունք, բառախաղ եւ այլն», իր ընթացքին մասին կը պատմէ Անկողինեան՝ աւելցնելով «Երբ 17 վանկերը միատեղուին, արդիւնքը կրնայ շատ պարզ եւ ուղղակի ըլլալ կամ ունենալ բազմաթիւ իմաստներ եւ մեկնաբանութիւններ»:
Հայքուն ճափոնական բանաստեղծութեան տեսակ մըն է, որ բաղկացած է միայն 17 վանկերէ (5-7-5): Ըստ աւանդութեան, վանկերու այս թիւը ամէնէն յարմարն է մէկ շունչով արտասանելու այդ բանաստեղծութիւնը:
Պատճառներէն մէկը, որ Անկողինեան որոշած է հրատարակել իր հայքուներու ժողովածուն, հայերէն չտիրապետողներուն այլընտրանք մը տալու համար է: «Անոնք որոնք դեռ լեզուն նոր կը սորվին, ստիպուած են կարդալ մանկական գիրքեր՝ իրենց ընթերցանութեան մակարդակին համապատասխան: Նպատակս դիւրամարս բանաստեղծութիւններ գրել է՝ լեզուն աւելի մատչելի դարձնելու համար նորեկներուն համար», կը բացատրէ ան:
«Կարինին հայքուները հարազատ են եւ անկեղծ: Անոր հեգնանքի, չափազանցութեան, ծաղրի եւ բառախաղի նուրբ օգտագործումը բազմաթիւ ճշմարտութիւններ կը բացայայտէ եւ հաստատուած սահմանները (status quo) կը քննադատէ», կ՛ըսէ խմբագիր Ռուբէն Խաժակ՝ աւելցնելով. «Հայերէն արտադրող ամերիկածին բանաստեղծի մը յայտնութիւնը այս օրերուն հազուադէպ է: Կարինը ո՛չ միայն արեւմտահայերէն կը գրէ, այլեւ արեւմտահայերէնով կը ստեղծագործէ»:
Կիրակի, 3 Յունուարին տեղի ունեցաւ գիրքին աւանդական գինեձօնը՝ Երեւանի մէջ:
«Հայերէն Հայքու»ն կարելի է ստանալ Երեւանի «Զանգակ» եւ «Բուկինիստ» գրախանութներէն, Լոս Անճելըսի «Ապրիլ» գրախանութէն (նաեւ առցանց՝ www.abrilbooks.com/hayeren-hayku.html) ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի (Լիբանան) Համազգայինի գրախանութէն («Շաղզոյեան» շէնք):
Նշենք, որ 2020ին հիմնադրուած Կարին քաղաքին մէջ, «Տիր Պէտ Պըքս» հրատարակչատունը արեւմտահայերէն գիրքեր կը (վերա)հրատարակէ:
(Թղթակցութիւնը՝ հրատարակիչէն)