ԴԱՄԱՍԿՈՍ․- Ռուսիոյ օդուժը հարուածեց Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող զինեալ խմբաւորումներու Սուրիոյ տարածքին մէջ գտնուող դիրքերը, կը հաղորդէ «Ալմաստարնիուզ» լրատու գործակալութիւնը:
Հալէպի եւ Լաթաքիոյ նահանգներուն մէջ գտնուող դիրքերուն վրայ օդային հարուածները սկսան անցեալ Շաբաթ օր:
Անոր յաջորդեց ջախջախումը Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներուն պատկանող բեռնակառքերուն, որոնցմով Սուրիայէն դուրս կը բերուէին քարիւղի պաշարներ:
Լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ այս, շատ հաւանաբար, հակադարձութիւն մըն էր ռուսական զօրքերուն դէմ կատարուած յարձակումին, որուն ընթացքին վիրաւորուեցան երեք ռուս զինուորներ: