«Զարմանազան» 2021ի արձանագրութիւնները սկսած են։
«Զարմանազան» 2021՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը նախատեսուած է իրականացնել Ֆրանսայի Ալփեան լեռներու Օթ-Սաւուա շրջանին մէջ, 12 Յուլիսէն 7 Օգոստոս։
Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու.
– 10էն 17 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը.
– 18էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը։
Պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն՝ զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին, ի շարս որոն՝ տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։ Բոլոր նիստերուն եւ աշխատանոցներուն ընթացքին, յարաբերութեան ու հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ։ Երիտասարդներու խումբին մասնակցողները պէտք է առնուազն միջին մակարդակի հայերէն գիտնան։Այս երկու ծրագիրներուն մասնակցողներուն թիւը սահմանափակ է։
– Համալսարանական ծրագիր մը, ուղղուած Սփիւռքի արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն։
Սփիւռքեան խտացեալ ծրագիր մըն է այս մէկը, որուն աւարտին Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ազգային հիմնարկը (Ինալքօ) կու տայ վկայագիր մը։ Ծրագիրը, զոր պիտի վարեն մասնագէտ դասատուներ, կ՛առաջարկէ թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն մը եւ թէ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ։ Այս ծրագիրին կ՛ընդունուին միայն 15 ուսուցիչներ։
Զարմանազանը այն վայրն է, ուր ծրագիրի մը շուրջ կը հաւաքուին Սփիւռքի մանուկներ, երիտասարդներ, ուսուցիչներ եւ ուղեկիցներ։
Արձանագրութեան եւ այլ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք www.zarmanazan.com կայքը։
Եթէ ստիպուինք կեցութիւնը ջնջել համաճարակին բերմամբ որոշուելիք սահմանափակումներու պատճառով, ձեր արձանագրութիւնը վաւեր կը մնայ նոյն թուականներուն տեղի ունենալիք «Զարցանց 2.1» առցանց ծրագիրին համար։
«Զարմանազան» մանկավարժական ծրագիրը ստեղծուած է 2017ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին կողմէ՝ իբրեւ արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրին մէկ բաժինը։ Անիկա կազմակերպուած է Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային հիմնարկին համագործակցութեամբ։
«Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի երիտասարդութեան եւ մարզանքի նախարարութեան կողմէ։