ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի կարգավիճակը եղած է եւ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ամէնէն կարեւոր սկզբունքը: Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան՝ անդրադառնալով ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովի յայտարարութեան:
Ան նշեց, որ հետեւեած է Փոփովի հարցազրոյցին՝ դիտել տալով, որ ժամանակին Հայաստան իր համաձայնութիւնը տուած է Կազանի փաստաթուղթին, որովհետեւ անիկա կը պարունակէր տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներու ամբողջական ծրարը: Ատրպէյճանի կողմէ այդ փաստաթուղթի մերժումէն ետք ալ բանակցութիւնները շարունակուած են հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ: Այվազեան յայտնեց, որ նոյնիսկ պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ տրուած էր համաձայնութիւն` շարունակելու բանակցութիւնները հիմնարար սկզբունքներու շուրջ: «Ես միանշանակ համամիտ եմ պարոն Պոպովի հետ, որ Արցախի կարգավիճակը եղել է հակամարտութեան կարգաւորման կարեւորագոյն սկզբունքը, կարող եմ աւելացնել` եղել է եւ մնում է», ըսաւ Այվազեան:
Նախարարը նշեց, որ 9 Նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութիւնը լուծման փաստաթուղթ չէ: «Դա զինադադարի, պատերազմի աւարտման մասին փաստաթուղթ է, որը ներառում է հիմնարար սկզբունքներից մի քանիսը, բայց հակամարտութիւնը չի կարող լինել կարգաւորուած, քանի որ չեն իրականացուել բոլոր հիմնարար սկզբունքները, մասնաւորապէս ինքնորոշման, կարգավիճակի հարցը», ըսաւ Արա Այվազեան: