ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, 14 Յունուարի յետմիջօրէին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Հոլիվուտի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը ներկայացնող պատուիրակութեան մը՝ գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Ալինա Դուրեանի, ընկերակցութեամբ վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Վահէ Թաշճեանի, անդամ Մուրատ Շահինեանի եւ ՀՕՄի Մարի Փոսթոյեան մանկամսուրի վարիչ Քրիսթինա Մովսէսեանի:
Այցելուները իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին սրբազան հօր՝ թեմակալ առաջնորդ ընտրուելուն առթիւ եւ վարժարանի մեծ ընտանիքին անունով սրբազանին փոխանցեցին Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւններ:
Ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց մը, որուն ընթացքին սրբազանը բարձր գնահատեց վարժարանին ազգային նկարագիրը, հայակեդրոն եւ հայանպաստ առաքելութիւնը եւ արձանագրած նուաճումները:
Հանդիպման ընթացքին յոյս յայտնուեցաւ, որ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին դէմ պատուաստումը շուտով կ՛ընդհանրանայ, երկիրը իր բնականոն կեանքին կը վերադառնայ, իսկ աշակերտական ուրախ ճռուողիւնը դարձեալ կ՛իմաստաւորէ վարժարանի առօրեան: Այս առիթով, սրբազան հայրը ուրախութեամբ յիշեց մօտիկ անցեալին նոյն վարժարանի 12րդ կարգի աշակերտներուն՝ իբրեւ կրօնաբարոյական նիւթերու ուսուցիչ իր դասաւանդութեան պահերը՝ արձանագրելով, որ աշակերտներուն հետ իր շփումները եւ անցուցած խորիմաստ վայրկեանները անջնջելի պիտի մնան իր հոգիին մէջ եւ յաջողութիւն մաղթեց վարժարանի ծրագիրներուն: