
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Այգ Հաճինազարեան նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին մէջ՝ իբրեւ Սպիտակ տան շրջանային հաղորդակցութիւններու բաժանմունքի ղեկավար:
Մեկնաբանելով նոր նշանակումները`Սպիտակ տունէն յայտնեցին, որ անոնք որակաւորուած, ստուգուած եւ փորձառու մասնագէտներ են, որոնք պատրաստ են առաջին օրն իսկ «արդիւնք տալու»:
Յայտարարուած է 215 նշանակումներու մասին։
Հաճինազարեան Արեւմտեան Փենսիլվենիոյ մէջ Պայտընի նախընտրական արշաւի մամլոյ քարտուղարն էր: Մինչ այդ, ան տեղեկատուական աջակցութիւն կ՛ապահովէր ներկուսակցական ընտրութիւններու եւ Նիւ Հեմփշիրի, Նեւատայի, Թեքսասի, Օհայոյի եւ այլ նահանգներու ընդհանուր ընտրութիւններուն ընթացքին:
Պայտընի քարոզարշաւին միանալէ առաջ, Հաճինազարեան աշխատած է Քոնկրսին մէջ, նախ՝ իբրեւ Ինտիանայէն ծերակուտական Ճօ Տանըլիի մամլոյ քարտուղարը, ապա` Ներկայացուցիչներու տան Ներքին ապահովութեան յանձնախումբի մամլոյ փոխքարտուղար:
Հաճինազարեան ծնած է Օհայոյի Քոլըմպըս քաղաքը, լիբանանահայ ներգաղթեալներու ընտանիքի մը մէջ: Աւարտած է Ինտիանայի համալսարանը եւ Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի Քաղաքական կառավարման բարձրագոյն դպրոցը:

Պայտընի վարչակազմին պիտի միանայ նաեւ Ճեֆ Մարութեան՝ իբրեւ նախագահի Կենսոլորտի եւ գիտական գործակալութեան անձնակազմի հարցերու յատուկ օգնական:
Մարութեան մայրաքաղաք Ուաշինթընի փոխադրամիջոցներու բաժանմունքի տնօրէնն է եւ կը ծառայէ Պայտըն-Հարիս փոխանցման խումբին՝ Միացեալ Նահանգներու փոխադրամիջոցներու գործակալութեան վերատեսութեան կազմին մէջ:
Նախքան 2017ին քաղաքապետ Մուրիըլ Պաուսըրի նախարարաց խորհուրդին մաս կազմելը, Մարութեան ծառայած է Օպամա-Պայտըն վարչակազմին մէջ եւ պաշտօններ վարած Միացեալ Նահանգներու փոխադրամիջոցներու բաժանմունքին մէջ` իբրեւ Սպիտակ տան կապը, վարչակազմի հարցերու օգնական պետական քարտուղար եւ կենսունակութեան աւագ պատասխանատու:
Ան ծնած է Նիւ Ճըրըզի եւ աւարտած Ուաշինկթընի «Ճորճ Ուաշինթըն» համալսարանը: