ՊԱՔՈՒ.- Թուրքիա եւ Ատրպէյճան 1էն 12 Փետրուարի միջեւ, Կարսի մէջ, միացեալ ռազմափորձեր պիտի կատարեն, կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»ի ատրպէյճաներէն ծառայութիւնը:
«Թուրքիոյ զինեալ ուժերը կը պատրաստուին վերջին շրջանի ամէնէն լայնածիր ձմեռնային ռազմափորձերուն, որոնց պիտի մասնակցին նաեւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը․ պիտի ներգրաւուին հրասայլային ստորաբաժանումներ, արձակազէն խումբեր, յատուկ ուժերու հրամանատարութեան անձնակազմ, յատուկ ուժերու անդամներ եւ ուղղաթիռներ։ Ռազմափորձերուն նպատակն է միացեալ գործողութիւններու ընթացքին ապահովել համագործակցութիւն եւ համակարգում, իրականացնել նոր օգտագործուելու սկսած կամ տակաւին չօգտագործուած զինամթերքի դաշտային փորձարկումներ», կը յայտնէ աղբիւրը: