ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը տեղեկացուց, որ Կիրակի, 17 Յունուարին մայրաքաղաք Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով ինքնաշարժներով երթ, որ աւարտեցաւ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:
Քաղաքացիները ինքնաշարժներուն վրայ փակցուցած էին եռագոյններ, ինչպէս նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի լուսանկարները` «դաւաճան» մակագրութեամբ:
Հրապարակին վրայ հաւաքուած էին մեծ թիւով ոստիկաններ: Կարգ մը նախաձեռնութեան մասնակցողներու եւ ոստիկաններուն միջեւ տեղի ուեցաւ միջադէպ մը: Ապօրինի ձեւով ձերբակալուեցաւ «Հայրենիք» կուսակցութեան անդամ Դաւիթ Բաղդասարեան: