ԵՐԵՒԱՆ.- 18 Յունուարին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան ընդունեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեանը:
Կողմերը քննարկեցին ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Երկուստեք կարեւոր նկատեցին համազգային նշանակութիւն ունեցող հարցերու շուրջ միտքերու փոխանակումը եւ քննարկումներու ծաւալումը: