ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- 19 Յունուարին, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան նամակներ յղեց ՄԱԿին եւ Եւրոպայի խորհուրդի մասնագիտացած մարմիններուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին` Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի պահուող հայ զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն իրավիճակին վերաբերեալ:
Նամակներուն մէջ յատկապէս կ՛ըսուի, որ Ատրպէյճան, խախտելով Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն` 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութիւնը, նոյն տարուան Դեկտեմբերին յարձակում գործեց եւ գրաւեց Արցախի Հանրապետութեան Հադրութի շրջանի Խծաբերդ եւ Հին Թաղեր գիւղերը եւ գերեվարեց Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի 64 զինուորներ: Այնուհետեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները յայտարարեցին ռազմագերիներուն նկատմամբ քրէական գործեր յարուցելու իրենց մտադրութեան մասին, ինչ որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտում է:
Նամակներուն մէջ կ՛ընդգծուի, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, մասնաւորաբար Ժընեւեան համաձայնագիրները չեն դադրիր կիրարկուելէ հրադադարի մասին յայտարարութեան ստորագրումէն ետք, հետեւաբար` գերեվարուած զինծառայողները ռազմագերիներ են` Ռազմագերիներու հետ վարուելակերպի մասին Ժընեւեան համաձայնագիրի (III) 4րդ յօդուածին համաձայն, եւ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք պէտք է հայրենիք վերադարձուին: Ըստ Բաբայեանի՝ Ժընեւեան համաձայնագիրի կոպիտ խախտում է այն, որ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմագերիները քրէական հետապնդումի կ՛ենթարկուին միայն որովհետեւ մասնակցած են ռազմական գործողութիւններուն։
Բաբայեան կը յայտնէ, որ Ատրպէյճան կը ձգձգէ վերադարձը իր մօտ պահուող այլ զինուորներու եւ քաղաքացիներու, որոնք գերեվարուած էին Ատրպէյճանի կողմէ 27 Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան դէմ զինուած յարձակումին ընթացքին եւ անկէ ետք: Կ՛ընդգծուի, որ Ատրպէյճանի այս դիրքորոշում կը հակասէ եռակողմանի յայտարարութիւնը իր տառին եւ ոգիին համապատասխան ամբողջութեամբ իրականացնելու իր իսկ ստանձնած պարտաւորութիւններուն` արիւնալի հակամարտութեան թողած վէրքերը բուժելու նպատակով:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարը կոչ կուղղէ՝ հրատապ միջոցներու ձեռնարկելու` ապահովելու Ատրպէյճանի կողմէ «Ժընեւեան կոնվենցիաների իրագործումը եւ նշուած պայմանագրերով ստանձնած պարտաւորութիւնների կատարումը` նրա կողմից պահուող ռազմագերիների եւ քաղաքացիական անձանց բոլոր իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով»: