ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ ստեղծուած յետ-պատերազմեան իրադրութեան, արցախահայութեան առջեւ ծառացած հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Քննարկուեցան նաեւ այս ուղղութիւններով համատեղ ծրագիրներ մշակելու եւ զանոնք իրագործելու մեթոտները:
Ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարելու եւ լուծելու համար, խիստ կարեւոր նկատուեցաւ համահայկական ներուժի կեդրոնացումը Արցախի մէջ: