ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան 20 Յունուարին ընդունեց Հայաստանի մէջ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ներկայացուցիչները` Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը, Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին: Այս մասին յայտնեցին արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:
Հանդիպման օրակարգին վրայ էին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ յետ-պատերազմական իրադրութեան, տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան վերաբերող հարցեր: Ընդգծուեցաւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ խաղաղ գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը: Նախարար Այվազեան ընդգծեց լուծման հիմնարար սկզբունքներու ամբողջական կերպով իրականացնելուն անհրաժեշտութիւնը` այս պարունակին մէջ շեշտելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ անվտանգութեան իրաւունքը:
Ներկայացնելով հրադադարի հաստատման եւ Արցախ խաղաղապահներ տեղակայելուն վերաբերեալ 9 Նոյեմբերի յայտարարութիւնը կեանքի կոչելու ընթացքը՝ արտաքին գործոց նախարարը յատուկ կերպով ընդգծեց մարդասիրական հարցերը ամբողջական եւ անխափան հասցէագրելու առաջնահերթութիւնը, մասնաւորապէս` ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու վերադարձի ուղղութեամբ:
Նախարարը եւ դեսպանները միտքեր փոխանակեցին Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրադրութեան եւ արցախահայութեան կարիքներու հասցէագրման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն շուրջ: Այս առնչութեամբ յատկապէս կարեւոր նկատուեցաւ միջազգային կառոյցներու, յատկապէս ՄԱԿի եւ անոր մասնագիտացած գործակալութիւններուն տեղւոյն վրայ անխափան ներգրաւուածութիւնը:
Նախարար Այվազեան զրուցակիցներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց նաեւ Արցախի` ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային, կրօնական ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու հրատապութեան վրայ` նկատի ունենալով Ատրպէյճանի կողմէ հայկական պատմամշակութային, կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման կամ ինքնութեան խեղաթիւրման ուղղութեամբ առնուած քայլերը:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու շուրջ: