ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Արտակ Բեգլարեան 21 Յունուարին ընդունեց Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) առաքելութեան Ստեփանակերտի գրասենեակի ղեկավար Պերթրան Լամոնը։
Արտակ Բեգլարեան, արդիւնաւէտ համարելով ԿԽՄԿի առաքելութեան ներգրաւուածութիւնը մարդասիրական մարտահրաւէրներու յաղթահարման առումով, հետաքրքրուեցաւ յատկապէս գերիներու վերադարձին եւ անյայտ կորսուածներու ճակատագիրներու պարզման ուղղութեամբ ԿԽՄԿի ջանքերուն մասին` ընդգծելով կառոյցին կարեւոր դերակատարութիւնը այդ կենսական հիմնահարցերու լուծման մէջ: Ան շեշտեց Ատրպէյճանի վրայ միջազգային հանրութեան բազմակողմանի, աշխոյժ ու գործնական ճնշման հրամայականը` նկատի ունենալով այդ երկրին կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումները նոյնիսկ պատերազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք:
Պերթրան Լամոն ներկայացուց Կարմիր Խաչի առաքելութեան ընթացիկ ու ծրագրուած աշխատանքները Արցախի մէջ` լուսարձակի տակ առնելով իրենց պատրաստակամութիւնը աջակցելու պետական հաստատութիւններու տարբեր մարդասիրական հիմնախնդիրներու լուծման ու տեղական կարողութիւններու զարգացման:
Կողմերը միտքեր փոխանակեցին համագործակցութեան օրակարգի զանազան հարցերու շուրջ` ձեռք բերելով յստակ պայմանաւորուածութիւններ եւ երկուստեք կարեւոր նկատելով համակարգուած ջանքերը՝ մարդասիրական հիմնահարցերու արդիւնաւէտ լուծման ուղղութեամբ: